Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Մայր տաճարին մէջ նշվեց «Սրբոց Թարգմանչաց» տոնը

  • 22.10.2022
  • 0
  • 344 Views

ՏՕՆ Ս․ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱՑՆ ՄԵՐՈՑ

22 Հոկտեմբեր, 2022-ին, Ս. Յակոբեանց Միաբանութիւնը եւ Երուսաղէմի հայ գաղութը, առանձնակի սիրով եւ հանդիսաւորութեամբ տօնախմբեց իր պատմութեան ընթացքին առանձնայատուկ դեր եւ որոշիչ նշանակութիւն ունեցած անձերու յիշատակը, զանոնք ամփոփելով «ՍՈՒՐԲ ԹԱՐԳՄԱՆԻՉՆԵՐ» խորիմաստ անունին տակ։ Տօնը կը կոչուի «Սրբոց Թարգմանչաց», քանի որ Հայոց նոր, հայագիր ու հայակերտ մշակոյթը իր ծնունդը, իր սկզբնաւորութիւնը կ’առնէ Աստուածաշունչ Սուրբ Մատեանի թարգմանութեամբ, եւ սուրբ վարդապետներու փաղանգը եղած է ամէն բանէ առաջ Աստուծոյ սրբազնասուրբ խօսքին թարգմանն ու մեկնիչը։
Տօնի նախօրէին, յետ Երեկոյեան ժամերգութեան Սրբոց Յակոբեանց Մայր տաճարին մէջ հանդիսապետութեամբ Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հօր կատարուեցաւ Սրբոց Թարգամանչաց տօնի նախատօնակը։


Տօնի առաւօտուն, Սրբոց Յակոբեանց Մայր տաճարին մէջ կատարուեցան Գիշերային եւ Առաւօտեան ժամերգութիւններ, ապա տօնի Ս. Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց՝ Հոգշ. Տ. Գէորգ Աբղ․ Հայրապետեան:
Յաւարտ Ս. Պատարագի հանդիսապետութեամբ Լուսարարապետ՝ Գերշ․ Տ․ Սեւան Արք․ Ղարիպեանի կատարուեցաւ հոգեհանգիստ Ս. Աթոռոյս եւ ազգիս բարերարներ` Սարգիս, Տիրուհի, Գալուստ եւ Նուարդ Կիւլպէնկեաններու հոգիներու հանգստութեան համար:
Ս. Թարգմանչաց տօնը Երուսաղէմի Սրբոց Թարգմանչաց Վարժարանի տօնն է նաեւ, այս առթիւ ընկալեալ սովորութեան համաձայն Թարգմանչաց սաներ մասնակցեցան Ս. Պատարագին եւ հաղորդուեցան։ 

orer.eu

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում