Հ.Բ.Ը.Մ.ի Ամառնային Ազդու Ծրագիրները Հայրենիքի Մէջ

  • 19.10.2022
  • 0
  • 295 Views

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը Սփիւռքը հայրենիքին կապելու իր տարբեր ծրագիրներով եւ նախաձեռնութիւններով, արդիւնաւոր գործունէութեան աւանդ ունի: Այդ ծիրէն ներս, Ամառուան ընթացքին իրագործուած Հայաստան Կեանքի Երկիր եւ Յայտնաբերէ Հայաստանը ամառնային ծրագիրները, ընդգրկեցին ավելի քան ութը երկիրներէ 15-33 տարեկան պատանիներ եւ երիտասարդներ: Մասնակցելով համայնքային ծառայութեան շարք մը ծրագիրներու, անոնք շաղուեցան իրենց մշակութային ժառանգութեան հետ, բարեկամական խորունկ կապեր մշակելով տեղական համայնքներուն հետ:

Հայաստան Կեանքի Երկիր

Այս ծրագիրը, որ սկիզբ առած է 2011-ին, Հ.Բ.Ը.Մ.ի Փարիզի Երիտասարդաց Խումբին կողմէ, Հայաստանի մէջ չորս շաբաթներու վրայ երկարող համայնքային ծառայութեան ծրագրով մը իրարու քով կը բերէ համախոհներու խումբեր: Մէկ ամիս ապրելով նախորոշուած գիւղի մը մէջ, անոնք կ’աշխատին վերաշինութեան ծրագրի մը վրայ, միաժամանակ տեղւոյն վրայ կազմակերպելով զբօսանքային տարբեր ծրագրեր եւ առողջապահական ցուցմունքներ տեղւոյն մանուկներուն եւ պատանիներուն համար:

Այս տարի, 19-33 տարիքի 22 կամաւորներ, Ֆրանսայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն, միացան Հայաստանի Տաւուշի շրջանի Սարիգիւղի մէջ, վերանորոգելու համար համայնքի միակ մանկապարտէզի շէնքը: Անոնք վերանորոգեցին դպրոցի եօթը սենեակները, կատարելով շինարարական, ներակրարական եւ կահաւորումի աշխատանքներ, ի գործ դնելով բնապահպանական միջոցառումներ: Անոնք նաեւ ստեղծեցին  տարբեր յարդարանքներ, գործակցելով Դիլիճանի Արտադրական Աշխատանոցին հետ (Fab Lab):

Իտալացի եւ հայ ծնողներէ սերած Ֆրանքա-Մարիա Ալոնկի, իր գոհունակութիւնը յայտնեց ծրագրին իր մասնակցութեան համար, ըսելով թէ մեծապէս խանդավառ էր իր այս փորձառութեամբ, շեշտելով թէ անհրաժեշտ է կենցաղային պատշաճ պայմաններ ապահովել կազմաւորուող մանուկներուն համար:

Մանկապարտւզի հին շէնքը, որ նորոգուած չէր 1980-ական թուականներէն ասդին, այժմ օժտուած է ճաշասրահով, փոխուելու եւ խաղալու սենեակներով, գիշերօթիկ յարմարութիւններով, երկու մասնաբաժիններվ եւ բաղնիքով: Շուտով նաեւ արեւային վահանակներ պիտի զետեղուին տանիքին վրայ, ելեկտրականութեան ծախքի խնայողութիւն ապահովելու համար:

Մանկապարտէզի տնօրէն Գայանէ Գէորգեանի վկայութեամբ, մանկապրտէզը որ նախապէս միայն մէկ խումբ մանուկներ կրնար ընդունիլ, այս բարեփոխումներուն շնորհիւ կրնայ երեք խումբեր ընդունիլ, ծառայելով նաեւ շրջակայ գիւղերուն:

Ծրագրի ղեկավար Սիմոն Ազատ Լանտրէ կ’ըսէ, «Հ.Բ.Ը.Մ.ը Սարիգիւղի մէջ ներկայ է 2017-էն ի վեր, նաեւ 2019-ին եւ 2022-ին»: Ան կ’ըսէ թէ երբ առաջին անգամ եկած էին Սարիգիւղ սիրահարուած էին անոր. «Շրջանի բնակչութիւնը ազնիւ են եւ մեզի համար կենական է մնայուն եւ կայուն կապեր ստեղծել անոնց հետ»:

Իր կարգին, գիւղի վարչական ղեկավար Սէյրան Սարիբէկեան կը նշէ, «Մենք կը հասկնանք, թէ անհրաժեշտ է որ Սփիւռքը ինքզինք հանգիստ զգայ այստեղ: Մենք անկեղծօրէն զիրենք մեր գիւղի բնակիչներ կը նկատենք»:

Մանկապարտէզի նորոգութեան եւ համայնքին համար ձեռնարկներ կազմակերպելու առընթեր, կամաւորները առիթ ունեցան նաեւ յարաբերելու Արցախէն շրջանը ապաստանած ընտանիքներու հետ եւ անհրաժեշտ իրեր տրանմադրելու անոնց: Անոնք այցելեցին նաեւ Գաւառ եւ Նոր Խարբերդ որբանոցները եւ գործունէութիւններ կազմակերպեցին Արցախէն Իջեւան ապաստանած ընտանիքներու մանուկներուն համար:

Անոնք որոնք հետաքրքրուած են վերոյիշեալ ծրագրով եւ կը փափաքին յաջորդ տարի իրենց մասնակցութիւնը բերել, կրնան այցելել Armenie, Terre de vie կայքէջը:

Յայտնաբերէ Հայաաստանը

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Յայտնաբերէ Հայաստանը հիմնարար նախաձեռնութիւն մը եղած է Հայաստանի մէջ, որ անցնող տասնամեակներուն սփիւռքէն պատանիներու համար առիթ ստեղծած է իրենց կանուխ տարիքէն ացելելու հայրենիք եւ մասնակցութիւն բերելու տարբեր աշխատանքներու: Այս տարի ծրագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին 15-18 տարեկան 29 պատանիներ, Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն, Ռուսաստանէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն եւ Թուրքիայէն: Խումբը երեք շաբաթներ անցուց Հանքաւան Ճամբարին մէջ, դաստիարակչական եւ ընկերային տարբեր գործունէութիւններով, հաղորդակցելով հայրենի մշակութային եւ գեղարուեստական կեանքին եւ այցելելով տեսարժան վայրեր եւ թանգարաններ:

Առաջին անգամ ըլլալով, առօրեայ գործածական լեզուն հայերէնն էր, նկատի ունենալով որ մասնակիցներուն մեծ մասը կրնային հայերէնով արտայայտուիլ, իսկ անոնց համար որոնք վարժ չէին հայերէն խօսելու, ասիկա առիթ եղաւ բարելաւելու իրենց հայերէնը, ամրապնդելով իրենց սփիւռքահայ ինքնութիւնը:

Հայաստանի մէջ բնակարանաշինութեան Ֆուլլըր Սէնթըր-ի հետ գործակցութեամբ, խումբը մասնակցեցաւ Արագածոտնի մէջ բնակարանի մը վերանորոգումի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ օգնեց Դիլիճանի Ազգային Այգիին մէջ կովկասեան կարմիր եղնիկներ բուծանելու համար ստեղծուած կեդրոնի ցանկապատի նորոգութեան: Հայաստանի եւ Ֆրանսայի մէջ պատանեկան ամառնային ծրագիրներու վարիչ Հերմինէ Տիւզեան կ’ըսէ՝ «Արտասահմանեան դպրոցներ, իրենց երկրորդականի աշակերտներէն կը պահանջեն 60 ժամ ընկերային ծառայութիւն կատարել: Մենք կ’աշխատինք որ անոնք իրենց ծառայութեան 40 ժամերու պարտաւորութիւնը ամբողջացնեն ի նպաստ իրենց հայրենիքին: երեւանի մէջ մենք անոնց վկայագրեր յանձնեցինք, գնահատելով հայրենիքի ծառայութեան իրենց առաջին քայլերը: Երբ անոնք կը վերադառնան իրենց բնակավայրերը, այդ վկայագրերը պիտի ճանչցուին իրենց համապատասխան դպրոցներուն կողմէ»:

Խումբի անդամները մօտէն յարաբերեցան նաեւ տեղացի երեխաներու հետ, տրուած ըլլալով որ ճամբարի նոյն տարածքին մէջ էին նաեւ Նայիրի ճաբարի մասնակից պատանիները: 2020-ին, Արցախեան Պարերազմէն անմիջապէս ետք հիմնուած Նայիրի  ճամբարը կը հիւրընկալէ պատերազմին զոհուած հերոսներու, վիրաւորեալներու, անհետ կորածներու եւ  գերեվարուածներու ընտանիքներու մանուկները, անոնց համար հաճելի շրջապատ եւ գործունէութիւններ իրականացնելով, մեղմելու համար անոնց վիշտը, տրամադրելով նաեւ հոգեբանական անհրաժեշտ ծառայութիւններ: Հերմինէ Տիւզեան կը նշէ, թէ երկու կողմերուն համար ալ օգտակար նախաձեռնութիւն մըն է ասիկա, տրուած ըլլալով որ Նայիրի Ճամբարի մասնակիցները որոնք խոցելիներու խումբին կը պատկանին, կը քաջալերուին, նկատելով որ իրենց սփիւռքի հայրենակիցները հոգատար են իրենց նակատմամբ, իսկ ծրագրին մասնակցող սփիւռքահայ պատանինրը, իրենց կատարած մարդասիրական աշխատանքներու առթած գոհունակութեան զգացումներով վարձատրուած կը զգան:

Այս նախաձեռնութեան մասնակիցներէն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն 18-ամեայ  Արամ Վահան Պաղտասարեան իր ճամբարային փորձառութեան մասին կը վկայէ ըսելով՝ «Ինծի համար ճամբարը օգտակար եւ հաճելի էր մէկէ աւելի պատճառներով: Անիկա առիթ ընծայեց ինծի շփուելու եւ ծանօթանալու աշխարհի տարբեր կողմերէն եկած անձերու հետ, ինչ որ զիս իմ արմատներուս մօտեցնելուն առընթեր, մղեց զիս յարաբերելու եւ հաղորդակցելու նոր անձերու, ծանօթանալու նոր գաղափարներու եւ ընդարձակելու հորիզոնս»:

Ծանօթանալու համար հայաստանը յայտնաբերելու միտուած ծառայողական ծրագրին, այցելեցէք agbu.org կայքէջը:

Նկարներ–

  •  Յայտնաբերէ Հայաստանը ծրագրի մասնակցողներ, Հայաստանի մէջ                               համայանքային ծառայութիւն կը կատարեն Արագածոտնի շրջանը
  •  Յայտնաբերէ Հայաստանը ծրագրի 2022-ի խումբը
  •  Սարիգիւղի երեխաները իրենց նկարչական աշխատանքները կը ներկայացնեն Հայաստան Կեանքի Երկիր խումբի անդամներուն
  • Հայաստան Կեանքի Երկիր ծրագրի կամաւորները Սարիգիւղի մանկապարտէզի շինարարական եւ նկարչական աշխատանքներու ընթացքին

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (Հ.Բ.Ը.Մ.) աշխարհի մեծագոյն ոչ-շահամէտ հայկական կազմակերպութիւնն է, նուիրուած հայեցի ինքնութեան եւ ժառանգութեան պահպանումին եւ մշակումին՝ կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական ծրագիրներով: Միութեան գործունէութիւնները բարերար ազդեցութիւն կը բերեն տարեկան 500,000-է աւելի անձերու կեանքերէն ներս,  Հայաստանի ու Արցախի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին: Իր հիմնադրութենէն ի վեր, Հ.Բ.Ը.Մ.ը հաւատարիմ մնացած է համայն հայութեան բարօրութեան ապահովումին ուղղուած իր գլխաւոր առաքելութեան: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելեցէք www.agbu.org կայքէջը:

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում