21 Սեպտեմբերին՝ կանուխ առաւօտեան, Եռաբլուրի մէջ ոստիկանները բռնի ուժով ձերբալալեցին 44օրեայ պատերազմին զոհուած զինուորներու ծնողները, որոնք նախորդ գիշերուընէ եկած էին Եռաբլուր, որպէսզի արգելեն Նիկոլ Փաշինեանը՝ հասնիլ իրենց որդիներու շիրիմներուն, տեղեկացուց «Ազատութիւն»ը:
Կարմիր գլխարկով ոստիկանները ծնողներու թեւերը ոլորելով, ձեռքերէն ու ոտքերէն քաշքշելով՝ տարին եւ ուժով նստեցուցին ոստիկանական ինքնաշարժներու մէջ:
Անոնք ճամբայ կը բանային վարչապետ Փաշինեանին եւ անոր խմբակիցներուն, որոնք, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան մը, կու գային յարգանքի տուրք մատուցելու զոհերու յիշատակին: Զինուորական պանթէոնին մէջ կային մեծ թուով ոստիկանական ուժեր:
Համազգեստաւորները գործի անցան մինչեւ Փաշինեանի ժամանելը` չխնայելով սեւազգեստ մայրերը: Կիները կը տանէին 4-5 ոստիկանով, ձեռքերէն եւ ոտքերէն քաշելով:
Մինչեւ Նիկոլ Փաշինեանի ժամանելը, ոստիկանները շուրջ 40 անձեր մեկուսացուցին ոստիկանութեան բաժիններուն մէջ: Զանոնք ազատ արձակեցին, երբ պաշտօնեաները արդէն հեռացած էին Եռաբլուրէն:
«Գիշերուանից այստեղ էինք, եկել էինք, որպէսզի թոյլ չտայինք, որ մեր տղաների մահուան մէջ մեղաւորը գար, ոտք դնէր Եռաբլուր», ըսաւ հաւաքուածներէն մէկը։
Զոհուած Հայկազ Մկրտչեանի մայրը` Աննան, որ գիշերը լուսցուց Եռաբլուրի մէջ, մուտքը փակողներէն մէկն էր։ Ան ըսաւ, որ իր թեւերը ոլորելով՝ ձերբակալեցին զինք: «Փակեցինք ճանապարհը, որպէսզի չմտնեն, իրենք վայրենիների նման քաշելով, ձեռքերը ոլորելով` բերեցին իջացրեցին, նստացրեցին մեքենայ, շատ կոպիտ ձեւով ու տարան», «Ազատութեան» պատմեց Աննա Մկրտչեան:
«Վայրագութիւն», մէկ բառով նկարագրեց Ժորա Մարտիրոսեանի մայրը` Գայեանէն, որ դարձեալ գիշերը անցուցած էր որդիին գերեզմանին մօտ: Ձեռբակալելու ընթացքին, անոր ձեռքերը վիրաւորուեցան: Ան նաւե ըսաւ, թէ իրեն հարուածներ տուին: «Վայրի ցեղերի նման յարձակուեցին մեզ վրայ` մամաների, պապաների վրայ ու ինչ կերպ էստեղից հեռացրեցին: Մենակ չէին քաշքշում, խփում էին նոյնիսկ», հաստատեց ան:
Հրանոյշ Սուքիասեան անհանգստացած է, այդ պատճառով ալ զինք չեն ձերբակալած։ Ան իր միակ որդին կորսնցուցած է 44օրեայ պատերազմին: Քանի մը ամիս մնացած էր, որ 19ամեայ Արթուր Սուքիասեան զօրացրուէր: Ջաբրայիլի մէջ զոհուեցաւ ան: Մայրը մինչեւ լուսաբաց որդիին գերեզմանը հսկեց, որպէսզի իշխանականները անոր չմօտենան:
«Ինքը անկախութիւն չի թողել, որ էսօր գար ու նշեր էրեխեքի մօտ, էրեխեքն են անկախութիւնը թողել մեզ, իրանք արժանի չեն, մինչեւ էսօր անթաղ դիակները լցուած են, թող գնայ էդ հարցով զբաղուի ու ցուցակները հրապարակի, որ ծնողն իմանայ` իրա էրեխեն ողջ ա, թէ մահացած», ըսաւ Սուքիասեան:
Զօրանուշ Յարութիւնեան իշխանութիւնը եւ անձամբ Փաշինեանը կը մեղադրէ, որ ամէն ինչ կորսնցուցած է։ Հադրութի Տող գիւղը կ՛ապրէին: Հադրութը Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ է հիմա: Իշխանական չորս պատգամաւորներու ան արգիլած է մօտենալ որդիին շիրիմին: «Ես չթողեցի չորս պատգամաւոր իջան, չթողեցի իմ երեխայի մօտ ծաղիկ դնեն, ասացի` պէտք չի դնէք, ու չդրեցին, ծաղիկը ձեռքը գլուխները կախ չորս պատգամաւոր բարձրացան վերեւ»:
Զոհերու ծնողներուն միջոցառումը խաղաղ էր, ոստիկաններուն գործողութիւնները անհամաչափ էին: Այս մասին ըսաւ անոնց ներկայացուցիչը՝ Վահան Յովհաննիսեան: Մայրերէն երկուքը, ըստ փաստաբանին, վիրաւորուեցան ոստիկանութեան գործողութիւններէն: Յանցագործութեան մասին հաղորդում պիտի ներկայացնեն աւելի ուշ: «Թէպէտ գիտենք` դրա արդիւնքը ինչ է լինելու, բայց ամէն դէպքում մենք այդ քայլին կը դիմենք», նշեց Յովհաննիսեան:
Ժամեր ետք, Ոստիկանութիւնը եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի (ՄԻՊ) գրասենեակը արձագանգեցին կատարուածին, երբ ընկերային ցանցերու վրայ աղմուկ բարձրացաւ, մարդիկ քննադատեցին եւ ամօթ նկատեցին ոստիկանութեան ու իշխանութեան քայլերը: Ոստիկանութիւնը եւ ՄԻՊի գրասենեակը նշեցին, որ կ՛ուսումնասիրեն իրաւապահներուն գործողութիւնները: