ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեան Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցող ԵՈՒՆԵՍՔՕի եւրոպական մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած միջազգային մրցոյթ-փառատօնին կրկնակի յաղթանակ տարաւ` գրաւելով առաջին հորիզոնականը` «Գործիքային կատարողական արուեստ» բաժանմունքի զանազան մրցոյթներու մէջ:
Միաժամանակ երկու յաղթական դափնիներ Հայաստան բերած քանոնահարուհին, որ միջազգային բազմաթիւ մրցոյթներու դափնեկիր է՝ վերջերս դարձած էր Global Cultural Initiative World Folk Vision համաշխարհային մրցոյթ-փառատօնի գլխաւոր մրցանակակիր` «Աշխարհի ժողովուրդներու երաժշտութիւն» անուանակարգին մէջ, ուր ներկայացած էր ազգային նուագարան քանոնը: Տաղանդաւոր հայուհին 115 երկիրներու 3950 մասնակցողներու մէջ արժանացաւ գլխաւոր` «Կրան փրի» մրցանակին: Բացի այդ, ան մրցանակներու արժանացած է Հնդկաստանի մէջ կազմակերպուած միջազգային մրցոյթին` ճանչցուելով առաջին կարգի դափնեկիր եւ ստանալով «Բեմական հմայք» եւ «Երաժշտութեան դեսպան» յատուկ մրցանակները:
Մարիաննա Գէորգեան հնագոյն երաժշտութեան «Տաղարան» համոյթի մենակատար քանոնահարն է:
orer.eu