Հայ Դատը Կը Պահանջէ Հետաքննել Արցախին Աջակցութիւն Չտրամադրելու Դրդապատճառները

  • 24.08.2022
  • 0
  • 372 Views

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Քոնկրեսի ղեկավարութեան եւ այլ հեղինակաւոր անդամներու յղուած նամակներով, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան պահանջեց Քոնկրեսէն, որ պաշտօնական հետաքննութեան ենթարկեն Արցախի վտանգուած ժողովուրդին կենսական աջակցութիւն չհասցնելու՝ նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին որդեգրած անընդունելի կեցուածքին դրդապատճառները։

Նամակին մէջ կը նշուի, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները համակարգուած ձեւով ջանք կը տանին սովի մատնելու Արցախի ժողովուրդը եւ կը շեշտուի, թէ Ուաշինկթըն պէտք չէ իր կրաւորական կեցուածքով մեղսակից ըլլայ այս դաւադրութեան։

Կը պահանջուի յստակացնել հետեւեալ կէտերը.

– Պայտընի վարչակազմը ի՞նչ քայլերու դիմած է աջակցութիւն հասցնելու համար Արցախի վտանգուած ժողովուրդին.

– Պայտընի վարչակազմը ի՞նչ ծրագիր ունի աջակցելու համար Արցախի վտանգուած ժողովուրդին.

– Տագնապալի վիճակի մէջ գտնուող Արցախի ժողովուրդին կարիքները արժեւորելու քայլեր առնուա՞ծ են Պայտընի վարչակազմին կողմէ.

– Պայտընի վարչակազմը որքա՞ն գումար պատրաստ է տրամադրելու տագնապալի վիճակի մէջ գտնուող Արցախի ժողովուրդին։

 Այս նպատակով ձեր ձայնը լսելի դարձուցէ՛ք, այցելելով՝ www.anca.org/aid կայքէջը։

Հայ Դատը Կը Պահանջէ Հետաքննել Արցախին Աջակցութիւն Չտրամադրելու Դրդապատճառները – Asbarez – Armenian

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում