Շաբաթ, 20 Օգոստոս, 2022-ին, առաւօտեան ժամը 8-ին, Սրբոց Յակոբեանց Մայր տաճարին մէջ կատարուեցաւ Առաւօտեան ժամերգութիւն, որու ընթացքին «Մանկունք» շարականը երգուեցաւ մեծ ատեանի մէջ։ Ապա տօնի սուրբ եւ անմահ պատարագը Սուրբ Գլխադրի մատրան մէջ մատոյց Հոգեշնորհ Տ․ Գէորգ Աբեղայ Հայրապետեան։
Յաւարտ սուրբ պատարագի, հանդիսապետութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Գերաշնորհ Տ․ Վարուժան Արք․ Հէրկէլեանի, կատարուեցաւ մասնաւոր Հոգեհանգստեան կարգ, Երեւանի՝ «Սուրմալու» առեւտրի կեդրոնի մէջ տեղի ունեցած պայթումի հետեւանքով զոհուած մեր հայրենակիցներու հոգիներու հանգստութեան համար։
Թող Աստուած լուսաւորէ անոնց հագիները եւ անոնց ի կեանս եղող պարագաներուն շնորհէ Սուրբ Հոգիի մխիթարութիւն։
Հիշեցնենք, որ նախօրեին հոգեհանգիստ անցկացնելու մասին ցավակցական գիր էր տարածել եւ Հոգեհանգստյան կարգի մասին էր հայտնել Ն.Ա.Տ. Նուրհան պատրիարք Մանուկյանը։
Ն․Ա․ Տ․ ՆՈՒՐՀԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ԳԻՐԸ «ՍՈՒՐՄԱԼՈՒ» ԱՌԵՒՏՐԻ ԿԵԴՐՈՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ՊԱՅԹՈՒՄԻ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ ԶՈՀՈՒԱԾ ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒ ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐՈՒՆ
Յանուն Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան եւ
Սուրբ Երկրի Հայ համայնքի, մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի մէջ տեղի ունեցած պայթումի հետեւանքով զոհուած մեր հայրենակիցներու հարազատներուն եւ կը հայցենք անոնց համար Սուրբ Հոգիի մխիթարութիւնը:
Միեւնոյն ժամանակ կ’աղօթենք, վիրաւորեալներու շուտափոյթ առողջութեան եւ ամբողջական ապաքինումին համար:
Այսպիսի աղէտներու հետեւանքները յաղթահարելու համար պէտք է ազգային միասնականութիւն ցուցաբերել եւ կեդրոնացնել մեր ամբողջ ներոյժը՝ խուսափելու ապագայի այսօրինակ պատահարներէ:
Շաբաթ, 20 Օգոստոս, 2022-ին Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Մայր տաճարին մէջ պիտի կատարուի մասնաւոր Հոգեհանգստեան կարգ՝ զոհուածներու հոգիներու խաղաղութեան եւ հանգստութեան համար:
Թող Երկնաւոր Հայրը երկնքի արքայութեան արժանացնէ անոնց հոգիները, ամէն:
Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան
Երուսաղէմի Հայ Պատրիարք 18 Օգոստոս,