Պատանի Ծանրորդներ Միքայէլ Չոլակեան Եւ Ալեքսանդրա Գրիգորեան՝ Եւրոպայի Ախոյեան

  • 12.08.2022
  • 0
  • 504 Views

Հայաստանի ծանրաբարձութեան 15 տարեկանէն վար հաւաքականի անդամ Միքայէլ Չոլակեան Չորեքշաբթի, 10 Օգոստոսին, Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի պատանեկան ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան 49 քլկ. դասակարգի մրցումներուն հռչակուեցաւ ախոյեան՝ երկամարտի մրցումներուն բարձրացնելով (գումարուած) 182 քլկ. (81 եւ 101):

Տիրանալով ոսկի մետալին՝ ան գերազանցեց թուրք մարզիկները, որոնց վիճակուեցան՝ արծաթ եւ պրոնզ մետալները:

Նաեւ, աղջիկներու 49 քլկ. դասակարգի մրցումներուն, 17 տարեկանէն վար աղջիկներու Հայաստանի հաւաքականէն Ալեքսանդրա Գրիգորեան երկամարտի 167 քլկ. (73 եւ 94) արդիւնքով ոսկի մետալ շահեցաւ:

Նշենք, որ Եւրոպայի 15 եւ 17 տարեկանէն վար ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան Հայաստան իր մասնակցութիւնը կը բերէ 16 մարզիկներով:

ORER.EU

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում