Արամ Ա. Մտահոգ Է Հայաստան-Թուրքիա Բանակցութիւններէն Եւ Հայաստան՝ Մուրատ Փափազեանի Մուտքը Արգիլելէն

  • 17.07.2022
  • 0
  • 340 Views

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ կատարած է գրառում մը, որուն մէջ կ՛անդրադառնա հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքը արգիլելուն։

Գրառման մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը.

«Մտահոգիչ են վերջին օրերուն Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող զարգացումները, յատկապէս Հայաստան-Թուրքիա բանակցութեան, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքի արգիլման գծով։ Նման երեւոյթներ կրնան բացասական հետեւանքներ ունենալ՝ մասնաւորաբար Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութեան։ Անհրաժեշտ է, որ յստակ ու ամբողջական տեղեկութիւններ փոխանցուին հանրութեան»։

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում