Թուրքիոյ Պոլսոյ Եշիլգիւղի հայ վարժարանի շրջանաւարտներէն Այգուն Անղրաիկ Ներսէսեան , Թուրքիոյ Լիսէներու Մտից քննութեան գերազանց նուաճումով արձանագրած է մեծ յաջողութիւն և հանդիսանած է բովանդակ երկրի մէջ միլիոնաւոր աշակերտներու մասնակցած քննութեան Թուրքիոյ առաջինը:
Այս առթիւն ջերմ շնորհաւորանք, Այգուն Անդրանիկ Ներսեսեանի, որուն կը մաղթենք իր ապագայ կրթական կեանքի մէջ ի յարատեւ յաջողութիւն և այս հպարտաբեր ձեռքբերումի առթիւ շնորհաւորանք նաեւ ծնողքին, Եշիլգիւղի հայ վարժարանի վարիչներուն և ուսուցիչներուն։
Տօքթ.Սարգիս Ատամ
Գերմանիա