Թուրքիոյ Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Ուրացումը Նոր Դրսեւորում Կը Ստանայ

  • 01.07.2022
  • 0
  • 1917 Views

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմէենիհապեր».- Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման քաղաքականութիւնը կը շարունակուի բոլոր մակարդակներու վրայ: Պետական քաղաքականութենէն եւ քարոզչութենէն բացի՝ ժխտողական գործելաոճը տեղափոխուած է նաեւ հիմնադրամներու դաշտը, կը հաղորդէ veryansintv.com-ը։

Հակահայ շարք մը կառոյցներ վերջերս համախմբուած են ոեւ ստեղծած TEKAR հիմնարկը (թուրք-հայկական հարցը ուսումնասիրող հիմնարկ)։ Անոր գլխաւոր նպատակն է՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան պնդումներու դէմ պայքար»ը:

Հիմնարկը կը ծրագրէ նաեւ հրատարակել Էսաթ Ուրասի գիրքը, որուն մէջ զետեղուած են Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի հայեացքները, կարծիքները եւ յայտարարութիւնները՝ հայերու, անոնց ծաւալած գործունէութեան եւ հայերու հետ յարաբերութիւններուն մասին։

Նշենք, որ Ուրաս եղած է Երիտթուրք կուսակցութեան անդամ եւ թրքական գաղտնի ծառայութիւններու աշխատակից։

Աղբյուր՝ Ermeni haber ajansı

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում