Գանատան Հայաստանի մէջ իր առաջին դեսպանութիւնը կը բանայ Հարաւային Կովկասէն ներս

  • 01.07.2022
  • 0
  • 2157 Views

Գանատան Հայաստանի մէջ դեսպանութիւն կը բանայ․ Գանատայի արտաքին գործերու նախարար Մելանի Ժոլին իր երկրի այդ որոշումը համարած է հայկական ժողովրդավարութեան Գանատայի աջակցութեան յաւելած կարեւոր մի երաշխիք։

«Այս թոյլ կու տայ աւելի ամուր կապեր հաստատել մեր երկրներու միջեւ եւ կ’ամրապնդէ Գանատայի աջակցութիւնը հայկական ժողովրդավարութեանը: Քանի որ կայունութիւն ու անվտանգութիւն ապահովող կանոնները կ’ենթարկուին մարտահրաւէրներու, Գանատան կ’աշխատի յանուն կլոպալ խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան պաշտպանութեան»,-նշած է Գանատայի ԱԳ նախարարը «Թվիթեր»-ի իր էջին կատարած գրառման մէջ։

ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը ողջունած է մնայուն դեսպան ունենալու Գանատայի որոշումը։ «Այս աստիճանաբար զարգացող հայ-Գանատական յարաբերութիւններու եւս մէկ հանգրուան է, որ աւելի կ’ամրապնդէ ընդհանուր արժէքներու վրայ հիմնուած մեր երկկողմ համագործակցութիւնը»,-նշած է նախարար Միրզոյեանը։

Յունիսի 28-ին ՀՀ ԱԳ նախարարը հեռախօսազրոյց ունեցած է իր գանատացի գործընկերոջ հետ։ Կողմերը գոհունակութեամբ արձանագրած են երկու երկրներու միջեւ տարբեր ոլորտներում արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը եւ ընդգծած են փոխադարձ յանձնառութիւնը՝ ջանքեր գործադրելու հայ-գանատական յարաբերութիւններու հետագայ խորացման ուղղութեամբ: Նախարար Միրզոյեանը ողջունած էր Եւրոպայի մէջ եւ Եւրոպական Միութեան մէջ Գանատայի յատուկ բանագնաց Ստեֆան Տիոնի՝ «Աջակցութիւն հայկական ժողովրդավարութեանը» խորագրով զեկոյցը, որը կարևոր դրոյթներ կը պարունակէ՝ հայ-գանատական յարաբերութիւններու զարգացման նոր հնարաւորութիւններու նախանշման առումով:

Դեսպան Տիոնն այս տարուայ Փետրուարին այցելած էր Հայաստան՝ տարբեր հանդիպումներուն շեշտադրելով, որ Հայաստանը կը շարժի ժողովրդավարական բարեփոխումներու կարեւոր ուղիով եւ իր առաքելութեան հիմնական նպատակը Գանատայի կողմէն Հայաստանի ժողովրդավարական գործընթացին աջակցիլն է:

Այսպիսով՝ Գանատան Հարաւային Կովկասի մէջ իր առաջին դեսպանութիւնը կը բանայ Հայաստանէն ներս։

Աղբյուր՝ կանադահայ «Ապագա» պարբերաթերթ

Գանատան Հայաստանի մէջ իր առաջին դեսպանութիւնը կը բանայ Հարաւային Կովկասէն ներս – Abaka News

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում