Հարցազրոյցը վարեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
Լիբանանի Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան հրաւէրով, այս օրերուն Պէյրութ կը գտնուի Հայաստանի վաստակաւոր ու սիրուած արուեստագէտ Վարդան Պետրոսեանը` հինգշաբթի, 2 եւ ուրբաթ, 3 յունիսին ներկայացնելու իր բարեսիրական մենաներկայացումը` «Խոստում»-ը: Այս առիթով «Գասպար Իփէկեան»-ի վարչութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Վարդան Պետրոսեանին` անոր ցուցաբերած ազնիւ կեցուածքին համար, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ համախմբել լիբանանահայ ժողովուրդի բոլոր խաւերը բարձրորակ արուեստին շուրջ` լիբանանահայ ժողովուրդին ապրած այս տագնապալի օրերուն:
Այս առթիւ, «Ազդակ» հարցազրոյց ունեցաւ հայրենի արուեստագէտին հետ` լուսարձակի տակ առնելով անոր կեանքէն դրուագներ, ապրումներ ու մտորումներ:
«ԱԶԴԱԿ».- Ո՞ր դէպքն էր կամ ինչպիսի՞ն եղաւ այն ընթացքը, որ պատճառ դարձաւ, որ ձեր ուսման ասպարէզը` գեղանկարչութիւնը ձգէք եւ ուղղուիք դէպի թատրոն:
ՎԱՐԴԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ.- Ինծի կը թուի, թէ այդ մէկը իմ բնութագիրս է: Էութեամբ ես շատ աւելի թատրոնի մարդ եմ, քան` գեղանկարչութեան: Առաւելապէս երիտասարդ հասակիս ես կը շտապէի փառք փնտռելու եւ ծափահարութիւններ ստանալու, եւ արուեստը այդ մէկուն շատ աւելի շուտ կը տանէր, որովհետեւ բնականաբար այնտեղ շփումը հանդիսատեսին հետ ուղղակի է, եւ ծափարութիւնները` անմիջապէս: Առաւել եւս, բնաւորութեամբ այնպիսին էի, որ կը սիրէի մարդիկ ուրախացնել: Փոքր հասակէս կը կապկէի. մեր ընտանեկան հաւաքներուն բոլորը ուրախացնողն էի, պատանի տարիքէս երգեր կը գրէի, երբեմն նոյնիսկ` փոքրիկ օփերաներ, դպրոցի ուսուցիչներն ու դասախօսներն անգամ կը կապկէի:
Էութեամբ այդպիսին էի, եւ կեանքը զիս կը տանէր դէպի թատրոն, եւ ես կ՛ընտրէի փառքի արագ հասնելու ճանապարհը: Առողջ ճանապարհ մըն է թատրոնը. Օրինակի համար, եթէ հարցնելու ըլլանք, թէ երիտասարդ մը ի՞նչ կը փնտռէ իր հասուն տարիքին, բնականաբար պատասխանը պիտի ըլլայ` «սէր», եւ այդ մէկը` յատկապէս աղջիկներու կողմէ: Սկսինք գեղանկարչութեամբ. եթէ գեղանկարիչ էք, ուրեմն նախ նկարը պիտի նկարես, մէկը պիտի տեսնէ զայն, հաւնի, սիրահարի, ատիկա երկար ժամանակ կը պահանջէ, իսկ թատրոնի պարագային հարցը շատ աւելի դիւրին է, մէկ-երկու յարերգութիւն (փարոտի), մէկ-երկու զաւեշտ, եւ արդէն ամէն ինչ պատրաստ է:
Անմիջական շփումը եւ մարդոց հետ յարաբերիլը ես շատ կը սիրեմ, կը սիրեմ նաեւ այդ յարաբերութեան մէջ կեանքի եւ իրավիճակին մասին ճշմարտութիւններ պարզել, իսկ թատրոնը, ու յատկապէս` մենաթատրոնը, այդ հնարաւորութիւնը կու տայ: Ամէն մէկ ներկայացում հանդիսատեսի հետ զրոյց է, միասին ներկայացումը կառուցելու հնարաւորութիւն:
Զարմանալին այն է, որ փոքր հասակիս որքան փորձած են զիս երգի ու պարի դասերու արձանագրել կամ ուզած են, որ մասնակցութիւն բերեմ համերգներու, ես կտրուկ կերպով մերժած եմ, որովհետեւ մանկութիւնս բակի մէջ եղած է, եւ հոն հասակ առած եմ, իմ բարքերուս ու սովորութիւններուս անընդունելի էին այդ բոլորը: Խայտառակութիւն էր 5-6 տարեկան երեխայիս համար թղթապանակը ձեռքս` երթալ դաշնակի փորձերու, հապա՞ եթէ բակի տղաքը, որոնց հետ ֆութպոլով ու քարերով կը խաղայինք, տեսնէին զիս, ի՞նչ պիտի ըսէին: Մի՛շտ ալ խուսափած եմ այդ բոլորէն:
Թատրոն գալու ճանապարհս նոյնիսկ դժուար էր, անընդհատ կը քարկոծէի թատրոնը եւ շատ ուշ հասկցած եմ, որ թատրոնին սիրահարած եմ: Պարզապէս եղած եմ այն ջահել տղան, որ անընդհատ կը քարկոծէ իր սիրեցեալը, որպէսզի անոր ուշադրութիւնը գրաւէ, եւ այդ սիրեցեալը` թատրոնը, միշտ ալ լուռ ու մունջ սպասած է, որ ես անպայման օր մը կու գամ, ու կը յայտնեմ անոր, որ եկած եմ ծառայելու:
Եւ այդպէս ալ եղաւ…
«Ա.».- Այսօր երբ հայ միջավայրի մէջ մենաթատրոնի մասին կը խօսուի, Վարդան Պետրոսեանին անունը անպայմանօրէն կը յիշուի, բայց շատեր թերեւս չեն գիտեր, թէ ինչո՞ւ Վարդան Պետրոսեան այս տեսակի ներկայացումը ընտրած է. ի՞նչ կը պատմէք անոնց այս մասին: Որո՞նք եղան ձեր ներշնչումները:
Վ. Պ.- Իմ ներկայացումները միշտ ծնած են իմ ապրած կեանքէս, իմ կենսակերպն է մարդոց հետ խօսիլը:
Մենաներկայացումը կը պարտադրէ ուղիղ շփում մը հանդիսատեսին հետ: Սովորաբար աւանդական թատրոնին մէջ երկու-երեք կերպարներ կը շփուին իրարու հետ, եւ հանդիսատեսը կը դիտէ այդ բոլորը ու ընտրութիւններու կը դիմէ, սակայն ինծի համար մենաթատրոնի պարագային ուղիղ ձեւով զրոյցի կը մտնեմ հանդիսատեսին հետ, եւ առիթ կը ստեղծուի միասին փնտռելու ու կառուցելու ճշմարտութիւնները:
Բայց ինչո՞ւ մինակ. թերեւս որովհետեւ ըսելիքս շատ է: Երկու-երեք հոգի եթէ ըլլան, արդէն կը սկսին զիս խանգարել: Մանաւանդ երբ այդ մասնակիցը չի ծառայեր ներկայացման կամ խօսքին նպատակին:
Յիշատակման արժանի է, որ Փարիզը ինծի համար շատ հետաքրքրական դպրոց մը եղած է: Այնտեղ սորված եմ դառնալ փոքրիկ մասնիկը մեծ ամբողջի մը, որովհետեւ մենաթատրոնի դերասանը ընդհանրապէս ինքը ըլլալով հիմնադիրը, ըսողը, ընողը, պատրաստողն ու հրամցնողը ամէն ինչի` կը սորվի այդ բոլորը եւ դժուարութիւն կ՛ունենայ հասկնալու ուրիշը, բայց ես ըլլալով մեծ խումբի դերակատար մը` այնտեղ շատ բան սորված եմ, սակայն այնուամենայնիւ ես հասկցած եմ, որ իմ դաշտը մենաթատրոնն է: Այնտեղ ես հանգիստ կը զգամ այնպէս, ինչպէս` ձուկը ջուրին մէջ:
Այնտեղ ես կ՛օգտագործեմ իմ բոլոր հնարաւորութիւններս: Կը գրեմ բեմագրութիւններս, կ՛երգեմ, կը պարեմ, կը խօսիմ, կ՛ըսեմ եւ կը ներդնեմ իմ բոլոր կարողութիւններս:
«Ա.».- Ի՞նչ է այն զգացումը, որ յաճախ կ՛ուզէք զգացնել հանդիսատեսին, երբ կանգնած էք բեմին վրայ: Սէ՞րը հայրենիքի հանդէպ, կեանքի՞ն հանդէպ, ուրախութիւնն ու ծիծա՞ղը ընդհանրապէս, թէ՞ յուզել զանոնք եւ սթափեցնել որոշ հարցի մը շուրջ:
Վ. Պ.- Թատրոնը ընդհանրապէս, իմ պատկերացումով, սիրային յարաբերութիւն է հանդիսատեսին եւ արուեստագէտին միջեւ: Թատրոնը կա՛մ կը կայանայ, կա՛մ չի կայանար. այլ խօսքով, նման է ամուսնութեան: Եթէ յարաբերութիւն տեղի ունեցաւ ու կապ ստեղծուեցաւ երկու կողմերուն միջեւ, ապա այդ թատրոնը յաջող է: Թատրոնը միայնը բնագիրը չէ, այլ այն անտեսանելի կապն է, որ արուեստագէտը կը ստեղծէ հանդիսատեսին հետ: Այդ կապը սիրային կապ է: Ես կը փորձեմ եւ միշտ ալ սիրած եմ մարդոց տալ այն, ինչ որ ես ունիմ ներսիդիս իրենց հանդէպ: Սէրը մարդու պահանջ է: Չկայ հոգեպէս առողջ ոեւէ մարդ, որ չ՛ուզեր այս աշխարհի վրայ սիրել ու սիրուիլ: Այս մէկը նաեւ կը կախարդէ հանդիսատեսը եւ աւարտին կը գրկէ այն ներկայացնողը, եւ երկուքը կը գգուեն զիրար: Հանդիսատեսին հետ ընդհանրանալու ու միասնանալու ամենահաճելի զգացումներէն մէկն է այդ, եւ այնտեղ կրնաս տալ սէրդ հայրենիքի ու մարդու նկատմամբ եւ կիսել նաեւ ցաւերը սիրով. Մէկ խօսքով, ամէն ինչ սիրով պէտք է ընել:
Ներկայացումներուս մէջ յաճախ կը վերադառնամ անցեալ ու կու գամ ետ` ներկայ ու ձեւով մը նաեւ կը փորձեմ գուշակել ապագան, եւ այդ բոլորին ընթացքին ամենագեղեցիկ զգացումը, որ կ՛ապրիմ, փոխադարձ սիրոյ զգացումն է, եւ ամէն ներկայացում` սիրոյ խոստովանութիւն մը:
Երբեմն ինծի կը հարցնեն` «կը յուզուի՞ք նախքան ձեր ներկայացումը կատարելը», բայց ինչպէս կարելի է առանց յուզուելու բեմ բարձրանալ. ո՞ր տղան նախքան իր սիրածին հանդէպ իր ունեցած սէրը խոստովանիլը` չի յուզուիր:
«Ա.».- Թատրոնի հետ առնչուած առաջին յաջողութիւնդ եղած է առաջին հայկական ոչ պետական թատերախումբ հիմնելը` «Ոզնիներ»-ը: «Ոզնին» ի՞նչն է, արդեօ՞ք այսօրուան ձեր շօշափած նիւթերուն հետ առնչութիւն մը ունի:
Վ. Պ.- Խորհրդային ժամանակ թատրոն հիմնելը արգիլուած էր: Թատրոն բանալու իրաւունք ունէր միայն պետութիւնը, եւ եկաւ փերեսթրոյքայի շրջանը, եւ պետութիւնը սկսաւ թոյլտուութիւններ տալ, սակայն փերեսթրոյքային նախորդող շրջանին ամէն խորհրդային հանրապետութիւն ունէր երգիծական թերթ, եւ Մոսկուայի երգիծանքի յայտնի լրագիրը կը կոչուէր «Կոկորդիլոս», իսկ Հայաստանի շաբաթաթերթը` «Ոզնի», որուն խմբագիրն էր Արամայիս Սահակեանը: Անոր հետ մենք փորձեցինք «Ոզնի» շաբաթաթերթին հետ եւ անոր կից հիմնել թատերախումբ մը, որ կը գովաբանէ երգիծանքը եւ անոր միջոցով կը փորձէ մարդիկը դաստիարակել ու միտքեր արծարծել առկայ խնդիրներուն մասին:
Եւ այսպէս, առանց աշխատավարձի ու տոմս ծախելու իրաւունքի, մենք սկսանք այդ աշխատանքը, եւ հիմքը այդ թատրոնին դարձաւ Գեղարուեստաթատերական հիմնարկի այդ «խենթ» խումբը, որուն մեծ մասը հիմնականին մէջ նկարիչներ էին, որոնք ճազ կը նուագէին ու կ՛երգէին գիշեր-ցերեկ ու կը պարէին: Անոր հիման վրայ կոչեցինք թատրոնը «Երիտասարդ ոզնիներ», եւ երբ փերեսթրոյքայի ժամանակ թոյլտուութիւն եկաւ թատրոն հիմնելու, մենք արդէն այնքան ալ երիտասարդ չէինք ու մեծցած էինք եւ հետեւաբար թատրոնը վերամկրտեցինք «Ոզնիներ» անունով: Վերջինս իրաւունք ունէր դահլիճներ վարձելու, լեցնելու, տոմսեր վաճառելու, եւ անոր անդամները աշխատավարձ կը ստանային: Եւ իսկապէս կրցանք յայտնի ու սիրուած թատրոն մը դառնալ ժամանակի ընթացքին: «Ոզնիներ»-ով շրջեցանք ամբողջ Հայաստանի տարածքին ու ելոյթներ ունեցանք: Անդամներս շատ մտերիմ էինք միասին:
Մենք` հայերս, որովհետեւ ունեցած ենք «մեծ» անհատներ տարբեր մարզերու մէջ, չենք յաջողած կազմել խումբեր, իսկ թատրոնը խմբային արուեստ է, եւ այդ խումբը կազմելու համար պէտք է նախ անոր բարոյական յատկանիշները պարզել: Այդ խումբին ամէն մարդ մաս պէտք չէ կազմէ, հոն մտնողը պէտք է ունենայ որոշակի բարոյական արժէքներ եւ յարգէ այդ մէկը համակարգէն ներս, եւ ես այդ առումով խստապահանջ էի` միաժամանակ ըլլալով շատ մտերիմ բոլորին հետ: Այդ բոլորին շնորհիւ մեր խումբ չէին գար պատեհապաշտ մարդիկ, կամ` ժամանցի ու հաճոյքի համար թատերախումբին դիմողներ:
1988-ի տարիներուն էր, որ հիմնուեցաւ «Ոզնիներ»-ը, արցախեան պայքարի օրերուն: Ան յաջողեցաւ խիստ ձեւով շօշափել այդ պայքարի օրակարգը, եւ այդ ժամանակին էր, որ մենք քաղաքականապէս կոփուեցանք, որովհետեւ Մոսկուան կ՛արգիլէր եւ ռատիոն ու հեռատեսիլը կը մնային լուռ, լրագիրները ոչ մէկ բան կը գրէին, եւ գրախօսութիւնը կը խեղդէր: Ո՞վ կը խօսէր. միայն մե՛նք: Բեմին վրայ ի՜նչ կրակներ կը թափէինք: Եւ այսպէս, շատ սուր երգիծանքի լեզուով համարձակ ներկայացումներ կը խաղայինք, ինչպէս` «Պրեժնեւ, Լենինն ու Ստալինը դժոխքին մէջ», կամ ներկայացում մը` Լենինի ու Աթաթուրքի փոխյարաբերութիւններուն մասին: Բոլորը կը զգուշացնէին մեզ, կ՛ըսէին, որ ձեզ կը բանտարկեն, ինքնաշարժի «արկածով» մը վերջ կու տան ձեր կեանքին, սակայն երիտասարդ էինք ու «խենթեր»:
«Ա.».- Բեմ երբ բարձրանաք եւ երբ լոյսերը ձեր վրայ են, ձեր ներկայացնելիք կտորը կը յիշէ՞ք, թէ ՞ ձեր կտորը ինքնաբուխ ներկայացումի մը կը վերածուի:
Վ. Պ. Ինքնաբուխ ներկայացումներ շատ կը կատարեմ, նոր Մոսկուայէն վերադարձած եմ արդէն, եւ երկու ժամնոց ներկայացումս խաղցած եմ 2 ժամ եւ 20 վայրկեան տեւողութեամբ: Հիմա կ՛ուզեմ գիտնալ, թէ ի՛նչ ըրած եմ այդ 20 վայրկեանուան ընթացքին, սակայն այդ երկու ժամուան ընթացքին շատ խիստ եմ անձիս հետ: Այդ ներկայացման նպատակը երբեք չի շեղիր, այդ մէկը ճշգրիտ թիրախ մը ունի, որ հարուածելու եմ: Հեղինակային մենաթատրոնի ներկայացման ընթացքին հանդիսատեսին հետ շփման ժամանակ շատ բաներ կը պատահին, եւ ընթացքին ինքզինքիս թոյլ կու տամ քիչ մը աջ ու քիչ մը ձախ երթալ, սակայն որեւէ մէկ ձեւով շեղում չեմ կատարեր հիմնական նիւթէն, մինչեւ` վերջին կրակոց…
«Ա.».- Անդրադառնալով հանդիսատեսին` երկրէ երկիր ինչո՞վ կը տարբերի ան:
Վ. Պ.- Ծաղիկը ծաղիկ է, բայց որքա՜ն տարբեր ծաղիկներ կան: Անոնք կը տարբերին իրենց գոյներով, տեսակով, բոյրերով: Նոյն պարագան է հանդիսատեսը. Լիբանանինը տարբեր է Ամերիկայէն, Ամերիկայինը տարբեր է Նոր Ջուղայէն, եւ վերջինիսը տարբեր է Երեւանէն:
Երեւանի հանդիսատեսը ամենաարագ հասկցողն է, որովհետեւ ներկայացումներուս նիւթերը հայաստանեան կեանքի ծնունդ են, անկէ ետք այն հանդիսատեսը, որ շփում ունի հայաստանեան կեանքի հետ, օրինակ` Պէյրութի հայերը, կը հասկնան, սակայն պոլսահայերը դժուարութիւն կ՛ունենան հասկնալու: Թեհրանի հայերը նոյնպէս շատ կը հասկնան, որովհետեւ ուղղակի շփումի մէջ են ժողովուրդին հետ, եւ ոչ միայն որովհետեւ լեզուն արեւելահայերէն է:
Անգամ մը ներկայացում ունեցած եմ Ֆրանսայի Նիս քաղաքին մէջ, ուր պոլսահայերը շատ եղած են: Հիմա որ կը յիշեմ այդ մէկը, կ՛անդրադառնամ, որ այնտեղ անոնք ո՛չ ծիծաղած են, ոչ ալ` լացած: Զաւեշտալի ծիծաղի այն տեսարանը, ուր Երեւանի մէջ մարդիկ «կը պայթէին» ծիծաղէն կամ երգիծանքէն, խեղճ Նիսի այդ ժողովուրդին հերոսական կը թուէր պատկերը, եւ անոնք սկսան ծափահարել, որովհետեւ անոնք ծանօթ չէին կերպարին ողբերգականութեան:
Նաեւ, որպէս օրինակ, անդրադարձած էի մեծախօս հայերու այն կերպարին մասին, որուն ներկայացումէն երեւանցիները ծիծաղեցան բարձր ձայնով, իսկ Մարսէյի մէջ ժողովուրդը ոտքի կեցաւ ու սկսաւ ծափահարել` կարծելով, որ խօսքը միայն մեր անցեալով հպարտանալու մասին է:
Որպէս մենաթատրոնի մարդ, բոլորը, սակայն, հաւասարապէս ինծի համար սիրելի են իրենց տեսակով, որովհետեւ ես ալ ապրած եմ սփիւռքի մէջ ու գիտեմ` ի՛նչ ըսել է սփիւռքահայ ու հայոց պատմութիւնը ընդհանրապէս եւ անոնց փոխյարաբերութիւնը իրարու հետ, եւ երբեք թոյլ չեմ տար ես ինծի գերադասել մէկ հանդիսատեսը միւսէն: Այլ խօսքով, ես հասկնալի եմ աւելի հայաստանցիին, եւ այդ մէկը նման է դաշնակի նոթաներէն «ֆա» նոթան սիրելուն, սակայն «ֆա» նոթան սիրելի է միայն այն ատեն, երբ ան ունի այլ նոթաներու հետ միասին եղանակին մէջ փոխկապակցութիւն:
Այնուհետեւ, միշտ կը նախապատրաստուիմ ներկայացման եւ ամէն հանդիսատեսի միշտ չէ, որ նոյնը կը հրամցնեմ: Օրինակ, այն, ինչ կը ներկայացնեմ Երեւանի մէջ, չեմ ներկայացներ նոյնը Գիւմրիի մէջ: Այնտեղի հանդիսատեսը ունի յատկանշական լրջութիւն, եւ կան բաներ, որ կարելի չէ ընել, սակայն տակաւին արգելք մը չէ այդ մէկը «չարաճճիութիւններ» ընելու համար:
«Ա.».- Տարիներու բացակայութենէ ետք, այս օրերուս վերադարձած էք լիբանանահայ բեմ` «Խոստում» ներկայացումը կատարելու համար: Ո՞ր խոստումին մասին է խօսքը, ինչի՞ խոստում եւ որո՞ւ տրուած: Այսօրուան թիրախը լիբանանահայ հանդիսատեսն է, ի՞նչ ունի ան քաղելիք այս ներկայացումէն:
Վ. Պ.- «Խոստում»-ի մասին շատ չխօսիմ, որպէսզի հանդիսատեսը սրահ գալով տեսնէ, թէ ի՛նչ խոստումի մասին է ներկայացումը: Ես այս ներկայացումը խոստացած եմ գրել եւ կատարած եմ խոստումս: Սա զաւեշտական պատմութիւն մըն է: Այնտեղ կը խօսիմ նաեւ Աստուծոյ խոստումին մասին, որ միշտ ալ կը կատարէ զայն, եւ` մարդու խոստումին մասին, որ յաճախ չի կատարուիր: Եւ որպէսզի հանդիսատեսը չլարուի, եւ իր եսը չվիրաւորուի, ամբողջ մէկուկէս ժամ կը ծիծաղեցնեմ ու կը զուարճացնեմ խօսելով այլեւայլ խոստումներու մասին, ինչպէս` քաղաքական մեկնաբաններու խոստումը: Այլ ձեւով, եթէ բժշկութեան լեզուով խօսինք, ողնաշարային խնդիր ունեցող մը երբ բժիշկի երթայ, բժիշկը ամբողջ կէս ժամ վնասուած շրջանին շուրջբոլորը կը մարձէ, կը շփէ, կը ճմլէ, կը տաքցնէ եւ ետքը մէ՛կ շարժումով կը փորձէ տեղը բերել ամէն բան ու շտկել վնասուածքը: Ամբողջ ներկայացումս նոյն այդ տաքցնելն է վերջին այդ շարժումին համար: Հանդիսատեսը աւարտին պիտի երթայ տուն ու երկար պիտի մտածէ այս մասին:
Մոսկուայէն անընդհատ կ՛ըսեն, որ սփիւռքը աւելի շատ կարիք ունի մխիթարութեան եւ յուսադրման: Ինծի յաճախ կ՛ըսեն` դուք բժիշկ էք, մինչ այդ ես միշտ ալ ուզած եմ բժիշկ դառնալ, շնորհակալութիւն կը յայտնեն տուած յոյսիս համար: Ասիկա կեղծ յոյս չէ, լաւ կ՛ըլլայ վարդագոյն երազներով չօրօրուիլ, կարեւորը իրականութիւնը ցոյց տալն է, ցոյց տալ ցաւագին կտորները, սեղմել վէրքին վրայ, ցաւցնել, բայց այդ բոլորով հանդերձ` յոյս տալ:
Համարձակութիւն ունենալ ըսելու, որ վատ է, շա՛տ աւելի վատ պիտի ըլլայ, սակայն նոյն ատեն ալ յոյս տալ, այսինքն` ճշմարտութիւնը ըսել այնպիսի ներշնչումով, այնպիսի ոգեղինութեամբ, թէ մարդ գօտեպնդուած ըլլայ, որ աւելի լաւ պիտի ըլլայ, հակառակ անոր որ աւելի վատ ալ պիտի ըլլայ, որովհետեւ լաւի ու վատի յարաբերութեամբ մարդու մէջ ձեւով մը փոփոխութիւն կը բերէ: Բայց եւ այնպէս չեմ կրնար ըսել, որ բոլոր հանդիսատեսները նոյն ընկալումը ունին, սակայն եթէ ներկաներէն երկու կամ հինգ հոգի այդ հոգեվիճակով դուրս գայ սրահէն, ատիկա արդէն մեծ բան է:
Ի զուր, անտեղի լաւատեսութեան ետին երբեմն մեծ վտանգներ կան պահուած, իմ «Վերելք» ներկայացմանս մէջ կայ բաժին մը, ուր անդրադարձ կը կատարուի այն երեւոյթին, որ երբ արեւելեան գաւառներէն ջարդերը արդէն կը սկսին, այդ մասին լուրերը կը հասնին մեր պատրիարքութեան եւ այլ մարմիններուն, միշտ միտում կայ լաւատես ըլլալու, «ինչ կրնանք ընել» նախադասութիւնը կը կրկնուէր յաճախ, բայց ինչպէ՛ս կարելի էր լաւատես ըլլալ այդ իրականութիւններուն դիմաց: Այս մէկը մեր մէջ կայ, ներկայիս ես կը կարդամ Գրիգորիս Պալաքեանի «Հայկական գողգոթան» գիրքը, երբեմն կ՛ապրիմ այնպիսի պահեր, որ երբ անունները փոխուին, կարծես նոյն պատմութիւնը կ՛ապրինք այսօր: Ասիկա մեծ ողբերգութիւն է, ուրեմն մենք այսօր կ՛ընթանանք այն ճամբով, ուրկէ աւելի քան դար մը առաջ գացած են դէպի Ցեղասպանութիւն: «Լաւատես ըլլանք®.»: Ես շատ խիստ կերպով կը խօսիմ այս մասին` լուսարձակի տակ առնելով անոր ետին եղող ծալքերը:
«Ա.».- Կարելի՞ է ըսել, որ ձեր մենաթատրոններուն արմատն ու խորքը քաղաքական են` հակառակ այլազան նիւթերուն:
Վ. Պ.- Կարելի է այսպէս բնութագրել, քաղաքականը երեւցող մասն է, կայ սառցալեռ մը, որ ունի գագաթ, հոն երեւցող մէկ երրորդ բաժին, իսկ ջուրի տակ թաքնուած երկու երրորդը: Ներկայացումներուն ջուրի տակ պահուած մասը ինծի համար հոգեւոր մասն է, այն մասն է, որ չ՛երեւիր, իսկ երեւցող մասը քաղաքականութիւնն է, որովհետեւ մեր կեանքը քաղաքականացած է, քաղաքական երգիծանքը շատ ուժեղ է, քաղաքականացած մեր առօրեային բեմական արտացոլացումը պիտի ըլլայ, հակառակ պարագային` ստախօս ես դուն, բայց շեշտեմ, թաքնուած բաժինը հոգեւորն է, ճամբայ` դէպի Աստուած, ներկայացումներուն մէջ կայ կարմիր թել մը, որ կը տանի դէպի Աստուած:
Ի վերջոյ արուեստին բուն նպատակն է մարդը քայլ մը աւելի մօտեցնել Աստուծոյ, եթէ հոգեւորականին տրուած է մարդոց ուղիղ ճամբան ցոյց տալ, ապա արուեստին տրուած է առաքելութիւն` այդ ճամբան անուղղակի կերպով ցոյց տալ: Դուն երբ կը խօսիս ներքին ազնուութեան մասին, հանդիսատեսը անպայման կու գայ դէպի այս ճամբան, ասիկա արուեստին գերխնդիրն է` ազնուացնել մարդը եւ զայն մօտեցնել Աստուծոյ: Ուրեմն սառցալերան ներքին մասը միշտ հոգեւորն է, եւ ես միշտ ատիկա կը պահեմ: Ասիկա կ՛իմաստաւորէ ամբողջ գործն ու աշխատանքը, եւ ես այդ առումով մեծ ճիգ ի գործ կը դնեմ: Քաղաքական նիւթը, մեր առօրեայէն առնուած դէպքերը նախապատրաստական են` հասնելու խորքին, հոգեւորին, առանց այդ նախապատրաստող, մթնոլորտ ստեղծող տարրերուն` կարելի չէ պատգամը հասցնել, թափանցել հոգեւորին խորքը։
Ազդակ օրաթերթ