Դոկտ. Հայկ Իւթիւճեան Այցելեց «Ազդակ»ի խմբագրատուն եւ «ԳՈՀԱՐ» գրադարան

  • 25.05.2022
  • 0
  • 560 Views

24 մայիսին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցութիւն ունեցաւ նուագավար, երգչախմբավար եւ երաժշտագէտ, Փրակի Կարոլեան համալսարանի երաժշտական համոյթներու երաժշտապետ դոկտ. Հայկ սրկ. Իւթիւճեան:

Դոկտ. Իւթիւճեան Լիբանան կը գտնուի Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով` դասախօսելու «Յետցեղասպանութեան ստեղծարարութիւնը` յիշողութեան, արուեստի եւ պահանջատիրութեան միջեւ» խորագիրով երիտասարդական միօրեայ սեմինարին, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 21 մայիսին, եւ որուն ընթացքին ան զեկուցեց «Հայկական եկեղեցական երաժշտութիւնը Մեծ եղեռնի վաղորդայնին» նիւթին մասին:

Ան մօտէն ծանօթացաւ «Ազդակ»-ի աշխատանքներուն. այնուհետեւ խորհրդակցութիւնը ծաւալեցաւ հայկական երաժշտութեան այսօրուան հարցերուն, նոր սերունդին ունեցած յաջողութիւններուն եւ միջազգային երաժշտութեան մէջ անոր գրաւած տեղերուն մասին:

Այսօր Հայկ Իւթիւճեանը հանդիպումներ ունեցավ նաեւ «ԳՈՀԱՐ» գրադարանի ղեկավարութեան հետ։

Աղբյուր՝ Ազդակ

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում