«Դիմադրութիւն» Շարժումի Երթերը Եւ Հաւաքները Կը Շարունակուին

  • 21.05.2022
  • 0
  • 306 Views

ԵՐԵՒԱՆ.- «Դիմադրութիւն» շարժումը 20 Մայիսի առաւօտեան, Ֆրանսայի հրապարակէն երթ կատարեց դէպի նախագահական նստավայրը, ուր տեղի պիտի ունենար Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի եւ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Լիթուանիոյ Հանրապետութեան նախագահ Կիթանաս Նաուսետանի հանդիպումը:

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան յայտարարեց, որ Բաղրամեան 26 պիտի գայ Լիթուանիոյ նախագահը, եւ իրենք հոն պիտի ըլլան` արտայայտելու իրենց քաղաքական պահանջները, բացայայտելու այս իշխանութեան սուտերը։ 

Երթին մասնակցողներու ձեռքին կային հայերէն եւ անգլերէն գրութիւններով պաստառներ ու քաղաքական բանտարկեալներու նկարներ:

Նախագահական պալատին առջեւ հաւաքուած էին մեծ թիւով ոստիկաններ, որոնք ցուցարարներուն դիմաց քանի մը շարք պատ կազմեցին:

Նախագահական նստավայրէն երթը ուղղուեցաւ Հանրապետութեան հրապարակը` «Մարիոթ» պանդոկ, ուր տեղի պիտի ունենար քննարկում` Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսիի ու Նիկոլ Փաշինեանի մասնակցութեամբ:

Ոստիկանները շղթայ կազմեցին պանդոկին դիմաց, ուր հասաւ Նիկոլ Փաշինեան` ոստիկանական բազմաթիւ ուժերով եւ թիկնապահներով շրջապատուած։ «Նիկո՛լ, դաւաճան», «Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ չի կրնար ըլլալ» վանկարկումներուն տակ ան մուտք գործեց պանդոկը։ Քանի մը ընդդիմադիր պատգամաւորներ մտան պանդոկ, փորձեցին մուտք գործել քննարկման սրահը, սակայն անվտանգութեան աշխատակիցները թոյլ չտուին անոնց մուտքը` պատճառաբանելով, որ անոնց անունները չկան հրաւիրեալներու ցանկին վրայ։

Պատգամաւորներուն եւ անվտանգութեան աշխատակիցներուն միջեւ լարուածութիւն յառաջացաւ:

Որոշ ժամանակ մը այնտեղ մնալէ ետք, «Դիմադրութեան» շարժման մասնակցողները երթով ուղղուեցան դէպի Մաշտոցի պողոտայ եւ փակեցին Ամիրեան-Մաշտոց փողոցներու խաչմերուկը․ անոնք նստան փողոցի կեդրոնը, երգեցին հայրենասիրական երգեր: Ոստիկանութեան ներկայացուցիչը կոչ ուղղեց` խաչմերուկը բանալու։

 Հակառակ անձերեւին, «Դիմադրութիւն» շարժման մասնակցողները ժամը 4:30ին Ֆրանսայի հրապարակէն երթով ուղղուեցան դէպի Մատենադարանը, ուր պիտի այցելէր Լիթուանիոյ Հանրապետութեան նախագահը։ Անոնց ձեռքին կային պաստառներ` քաղաքական բանտարկեալներու եւ բռնութիւններ կիրարկած ոստիկաններու նկարներով: Հոն եւս ոստիկանութիւնը պատ կազմած էր եւ չարտօնեց, որ ցուցարարները մօտենան եւ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնեն։

Անբարենպաստ եղանակին պատճառով, «Դիմադրութիւն» շարժման երեկոյեան հանրահաւաքը տեղի չունեցաւ։

«Ֆէյսպուք»ի իր էջին միջոցաւ, ուղիղ եթերով «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան անդրադարձաւ օրուան իրենց նախաձեռնութիւններուն․ ան դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա խիստ անհանգստացած են Հայաստանի մէջ իրենց գործընկեր Նիկոլ Փաշինեանի ճակատագիրով եւ կը փորձեն արագացնել հակահայ փաստաթուղթի ստորագրութեան ընթացքը:

Լուսարձակի տակ առնելով այն, որ 22 Մայիսին Նիկոլ Փաշինեան Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Եւրոպայի խորհուրդի նախագահ Ժան Միշէլի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի հետ, ան կոչ ուղղեց՝ 21 Մայիսին համախմբուելու Ֆրանսայի հրապարակը եւ ո՛չ ըսելու յանձնուողականութեան, ո՛չ` երկիրը նոր զիջումներու տանելու։ «Վաղուայ մասնակցութեամբ յստակ ուղերձ էք յղում ամբողջ աշխարհին, որ այս մարդը, ով ժողովրդին մոլորեցնելով յայտնուել է իշխանութեան ղեկին` այլեւս չունի որեւէ մանդատ ժողովրդի անունից խօսելու, Հայաստանն ներկայացնելու։ Վաղուայ հանրահաւաքին նաեւ մանրամասն կը ներկայացուի հայեցակարգային մօտեցումները Արցախեան հիմնախնդչի կարգաւորման եւ ստեղծուած իրավիճակից երկիրը դուրս բերելու մասին», ըսաւ Սաղաթէլեան։

«Դիմադրութիւն» Շարժումի Երթերը Եւ Հաւաքները Կը Շարունակուին – Asbarez – Armenian

orer.eu

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում