«Դիմադրութիւն»ը Կը Շարունակէ Իր Անհնազանդութեան Շարժումները

  • 17.05.2022
  • 0
  • 392 Views

«Հայաստան» խմբակցութեան անդամ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան 15 Մայիսին, Ֆրանսայի հրապարակին վրայ ունեցաւ ելոյթ մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ «Դիմադրութիւն» շարժման հանրահաւաքին եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն:

Ան նշեց, որ 25 Ապրիլէն ի վեր սկսած է իրենց շարժումը, իսկ 1 Մայիսէն ամէնօրեայ դրութեամբ կը գիշերեն հրապարակին վրայ, կը կատարեն անհնազանդութեան շարժումներ, իրազեկման երթեր՝ իբրեւ պայքար սուտի, ազգային խայտառակութեան, յանձնուողականութեան եւ երկիրը նոր զիջումներու տանելու դէմ:  «Մենք յստակ ուղերձ յղեցինք, որ սա պայքար չէ իշխանութեան համար, սա պայքար է յանուն երկրի, երկրի վիճակը օրհասական է, սա ամենեւին նախընտրական պայքար չէ եւ այդ հարցը այսօր լուծուած է: Մենք խոստացել ենք ինքներս մեզ, որ գնալու ենք մինչեւ վերջ եւ այս պայքարը աւարտելու ենք յաղթանակով», ըսաւ ան՝ շեշտելով, որ ցարդ կարելի եղած է կարգ մը յաջողութիւններու հասնիլ՝ շնորհիւ ժողովուրդին ընդառաջումին եւ միասնականութեան:

«Առաջինը. «Դիմադրութիւն» շարժումը մասամբ կասեցրել է Արցախի կարգավիճակի նշաձողն իջեցնելու գործընթացը: Առնուազն հանրային դաշտում իշխանութիւնը սկսել է քօղարկել իր իրական նպատակները. արդէն փորձում է կեղծել իրականութիւնը եւ չունի համարձակութիւն ասելու այն, ինչին տանում են այս երկիրը:

«Երկրորդը. երկրում ստեղծուել է իրական քաղաքական ճգնաժամ, որը տեսնում են Նիկոլի միջոցով երկրում հակահայ ծրագրեր իրականցնողները, իսկ մեր դաշնակիցների ու գործընկերների համար ակնյայտ է դառնում, որ Նիկոլը կորցրել է իր լեգիտիմութիւնը (օրինականութիւնը) եւ նրա հետ այլեւս որեւէ բան պայմանաւորուելն անիմաստ է: Բոլորը գնալով հասկանում են, որ այս իշխանութիւնը լեգիտիմ չէ:

«Երրորդ. շարժումն ապացուցել է, որ հայ ժողովուրդը չի ընդունելու իրեն պարտադրուած՝ իր շահերին հակառակ որեւէ լուծում, հետեւաբար Նիկոլ Փաշինեանը երկիրը նոր զիջումների տանելու մանդատ (յանձնառութիւն) չունի:

«Չորրորդ. շարժումն ակնյայտ է դարձրել, որ մեր երկրում ձեւաւորուել է այս իշխանութիւնների հեռացման հանրային պահանջ, որը մենք ձեւակերպեցինք Մայիսի 4ին եւ խորհրդարանում ներկայացրինք այդ կապիտուլեանտին (անձնատու եղողներուն): Անցնող օրերի մեր գործունէութիւնը եւ հանրային արձագանգը դրա վառ վկայութիւնն է», ըսաւ Սաղաթէլեան:

Ան յայտնեց, որ պայքարը տակաւին չէ աւարտած, անիկա պէտք է աւարտի ձեւաւորելով առանց Նիկոլի Հայաստան, որուն կարելի է հասնիլ ներքին միասնութեան վերականգնումով, ուժեղ ու կայացած պետութեան երեք հիմնասիւներով՝ տնտեսութիւնը, բանակը եւ արտաքին քաղաքականութիւնը:

Ան դիտել տուաւ, որ Երեքշաբթի, 17 Մայիսը կարեւոր օր պիտի ըլլայ, ամբողջ մայրաքաղաքին մէջ անհնազանդութեան ցոյցերը պիտի աշխուժանան, որպէսզի կարելի ըլլայ ամբողջ քաղաքի եռուզեռը կասեցնել՝ կոչ ուղղելով բոլորին միանալու եւ շարունակելու ցոյցերը եւ «Դիմադրութեան» նախաձեռնութիւնները:

Աղբյուր՝ «Դիմադրութիւն»ը Կը Շարունակէ Իր Անհնազանդութեան Շարժումները – Asbarez – Armenian

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում