Միսիսիփին Դարձաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող 50րդ Նահանգը

  • 10.05.2022
  • 0
  • 97 Views

Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ հռչակագիրի մը միջոցաւ, Միսիսփիի նահանգապետ Թէյթ Ռիվ Ապրիլ ամիսը յայտարարեց «Հայոց Ցեղասպանութեան Իրազեկման եւ Կանխարգիլման» ամիս, որուն շնորհիւ Միսիսիփին դարձաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող Միացեալ Նահանգներու 50րդ նահանգը։

Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբէն Սեւան Փուլեան նահանգի հայութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց նահանգապետին, որ հայութեան կողքին կանգնելով՝ պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, յիշեցնելով, որ նման քայլերու շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ կասեցնել մարդկութեան դէմ ոճիրները։ 

Աղբյուր՝ Ասպարեզ Asbarez – Armenian

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում