
Օգոստոս 2022
Պո-Արաքս Մշակութային Միութիւնը կը շարունակէ իր այլեւս
քառորդ դարը անցնող աւանդութիւնը եւ, ինչպէս 2021-ի
Օգոստոսին, այս տարի եւս Օգստոսին կը կազմակերպէ Հայ Լեզուի
եւ Մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացքը։
Վենետիկի Պո-Արաքս Մշակութային Ընկերակցութեան, Վենետիկի
“STUDIUM MARCIANUM” Հաստատութեան հետ գործակցաբար,
կազմակերպած Հայ Լեզուի եւ Մշակոյթի ամառնային խտացեալ
դասընթացքը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 8-23: Քննութիւնները Օգոստոս 24-ին: ԺԱՄԱՆՈՒՄ Օգոստոս 7-ին (արձանագրութիւններ), ՄԵԿՆՈՒՄ Օգոստոս 25-ին: ԴԻՄՈՒՄԻ ՊԱՅՄԱՆԱԺԱՄ՝ Մարտ 30։ https://APPLICATION_FORM.pdf Դասընթացքը ունի չորս մակարդակ բացարձակ սկսնակներէ
մինչեւ յառաջադէմներ:
Դասերը տեղի կ’ունենան ամէն օր, օրը հինգ պահառաւօտեան: Դասընթացքի տեւողութիւնը ուսուցողական 65 ժամով կը սահմանուի: Դասերու ներկայութիւնը ՊԱՐՏԱԴԻՐ է: Մասնակցութեան համար պահանջուած նուազագոյն տարիքն է 18: Դասընթացքի վարիչը կրնայ այլապէս տնօրինել ծնողներու գրաւոր հաւանութեամբ։ Դասերը տեղի պիտի ունենան STUDIUM MARCIANUM-ի գլխաւոր շէնքին մէջ՝ https://www.seminariovenezia.it/cms/galleria/il-seminario/։ Դիմումները պետք է կատարուին ԱՆՁԱՄԲ եւ ԳՐԱՒՈՐ, նշելով միշտ ՀԵՌԱԽՕՍԻ թիւ մը եւ ԵԼԳՐԱՅԻՆ (E-Mail) հասցէ մը: Դասընթացքին զուգահեռ տեղի պիտի ունենան մշակութային ձեռնարկներ՝ մասնագիտական դասախօսութիւններ (ծրագիրը յայտարարելի՝ գարնան), Վենետկեան այցեր, Վերափոխման Ս․ Պատարագին եւ Խաղողօրհնէքին մասնակցութիւն Ս․ Ղազարու Մայրավանքին մէջ։ ՓԱՓԱՔՈՂՆԵՐՈՒՆ, կէսօրէ վերջերը, ՁՐԻԱԲԱՐ ՊԻՏԻ ԱՒԱՆԴՈՒԻՆ՝ ԴՈՒԴՈՒԿԻ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՐԵՐՈՒ դասեր, եթէ Ժահրի պայմանները արտօնեն: Արձանագրութեան սակն է 850 € կամ համապատասխանը՝
տարարժոյթով ըստ օրուան սակին:
ԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ԾԱԽՍ (7 Օգոստոս-25 Օգոստոս – 18 գիշեր):
✓ 670,00 € անձ գլուխ, երկու հոգինոց սենեակի մէջ. ենեակի ներառեալ ծառայութիւններ.
զովասարքիչ, համացանցի ալիք (Wi-Fi), առանձին ճեմիշ եւ լուացարան, խոհանոցային
անկիւն. Սենեակին մէջ մազ չորցնող գործիք չկայ։
✓ 1000,00 € առանձին ննջասենեակի մէջ. Ներառեալ ծառայութիւններ. զովասարքիչ,
համացանցի ալիք (Wi-Fi), առանձին, ճեմիշ եւ լուացարան, մազ չորցնող գործիք, նախաճաշ,
կեցութեան տուրք. Սենեակներուն մէջ սառնարան չկայ։
Կեցութեան տուրքը Վենետիկի մէջ 2011-էն ի վեր օրէնքով պարտաւորիչ է.
ՆՇՈՒԱԾ ԺԱՄԱՆԱԿԱՄԻՋՈՑԻՆ ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ԾԱԽՍԸ ՕՐԱԿԱՆ
ԴՐՈՒԹԵԱՄԲ ՎՃԱՐԵԼ։ ԲՈԼՈՐ ԱՆՈՆՔ ՈՐ ԿԸ ՓԱՓԱՔԻՆ ՆՇՈՒԱԾ ԹՈՒԱԿԱՆԷՆ ԱՌԱՋ
ՀԱՍՆԻԼ ԿԱՄ ՎԵՐՋԸ ՄԵԿՆԻԼ ՊԷՏՔ Է ՈՐ ԻՐԵՆՑ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
ԸՆԵՆ։ ԵԹԷ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԻ ՄԻՋՈՑԻՆ ՁԵՐ ԿԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՁԱՄԲ ԿԸ ՀՈԳԱՔ, կը խնդրենք որ այս
պարագան շուտով հաղորդէք մեզի։
Այս գումարին 600 Եւրոյի բաժինը պետք է վճարուի կանխաւ մինչեւ Մարտ 30: Այս կանխավճարը պէտք է կատարուի դասընթացքի ընդունուելէն սկսեալ 15 օրուան ընթացքին, դրամատնային փոխանցումով կամ միջազգային ընդունելի փոխագրով (cheque)։ 15 Մարտէն վերջ, իբրեւ կանխավճար, պէտք է ղրկուի 850 Եւրոյ մինչեւ ՅՈՒՆԻՍի 30ը, որ արձանագրութեան համար վերջին պայմանաժամն է: Արձանագրութեան մնացեալ մասը ՊԷՏՔ Է ՎՃԱՐՈՒԻ ԱՆՊԱՅՄԱՆ ՄՈՒՏՔԻ ՕՐԸ հնչուն գումարով կամ միջազգային ընդունելի փոխագրով (cheque): ՎԱՐԿԱԹՂԹԱՅԻՆ վճար (Credit card) չ’ընդունուիր: 10% զեղչ մը կը կատարուի անոնց որոնք նախապէս լաւ
արդիւնքով մասնակցած են դասընթացքին, գոնէ երկու անգամ: Նոյն
զեղչը կը կատարուի նաեւ միասին յաճախող մօտիկ ազգականներէն
մեկուն (ծնողք, քոյր, եղբայր, կողակից):
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՍԱԿԸ Ո՛Չ
ՄԷԿ ՊԱՐԱԳԱՅԻ ԿԸ ՓՈԽՈՒԻ ԵՒ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՎՃԱՐՈՒՄԸ ՈՐԵՒԷ
ՊԱՏՃԱՌՈՎ ՉԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՒԻՐ, բացի բժշկական վկայութեամբ
հաստատուած հիւանդութեան կամ պսակաժահրի (covid-19)
արգելքին բերմամբ: Դրամատնային փոխանցումին (bank transfer)
համար, յետ դիմումին ընդունելութեան՝ քարտուղարութիւնը պիտի
ղրկէ Պո-Արաքս Ընկերակցութեան դրամատնային հաշուի հարկաւոր
տեղեկութիւնները (հաշուի թիւ, IBAN եւլն.): Նոյնպէս պիտի ուղարկուի
փոստային հասցէն՝ փոխագրերու ուղարկումին համար։
Դրամատնային բոլոր ծախսերը դիմողին կը պատկանին:
Կ’ընձեռուի բնակութեան հնարաւորութիւն Վենետիկի պատմական կեդրոնին մէջ, օժտուած խոհանոցային յարմարութիւններով: Գիներու մասին տեղեկութիւնները շուտով
պիտի հաղորդուին յաջորդաբար։
Իւրաքանչիւր ճաշ կամ ընթրիք, զոր ամէն ոք պէտք Է ԱՆՁԱՄԲ
հոգայ, կրնայ արժել 10-15 Եւրոյ։
Ջերմօրէն կը յանձնարարուի փախադրամիջոցներու համար
CARTA UNICA զեղչաքարտի գնումը։
Յաւելեալ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ համար ելգիր մը (E-Mail) ուղարկել
հետեւեալ հասցէին՝ info@padusaraxes.com, c/c
benedettacon@gmail.com հասցէին, կամ հեռաձայնել,
նաեւ WhatsApp[1]ով, բջիջայինի հետեւեալ թիւին՝ +39.379.1330687, Երեքշաբթի եւ
Ուրբաթ առաւօտները՝ ժամը 10:30-13:00 (ԻՏԱԼԻՈՅ ԺԱՄՈՎ):
Եթէ կարելի չըլլայ անմիջապէս կապ հաստատել, կարճ հաղորդում մը
ղրկել տրուած թիւին։ Հեռաձայնելէ առաջ լաւ ստուգել երկիրներու
միջեւ ժամերու տարբերութիւնը: Կազմակերպութիւնը
պատասխանատուութիւն չի ստանձներ տպագրական կամ այլ
վրիպակներու նկատմամբ։
orer.eu