Հայաստանի Մէջ՝ Համաժամանակ Անհնազանդութեան Երթեր Զանազան Ուղղութիւններով

  • 09.05.2022
  • 0
  • 329 Views

ԵՐԵՒԱՆ.- Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով եւ Հայաստանի ու Արցախի ապահովութեամբ անհանգստացած քաղաքացիներու բողոքի երթերը եւ անհնազանդութեան գործողութիւնները շարունակուեցան 6 Մայիսին՝ նոյն ատեն 4 ուղղութիւններով անհնազանդութեան շարժումներ իրականացնելով։

Քաղաքի տարբեր ուղղութիւններով ոստիկանութիւնը մեծ թիւով զօրք կուտակեց․ պարբերաբար բախումներ պատահեցան, լարուած վիճակ ստեղծուեցաւ քաղաքի կարգ մը պողոտաներուն վրայ, բռնի ուժ կիրարկուեցաւ ոստիկանութեան կողմէ եւ կատարուեցան ձերբակալութիւններ։

Երեկոյեան ժամը 7ին, Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ ամէնօրեայ հանրահաւաքը, որուն ընթացքին արտասանուեցան խօսքեր եւ ելոյթ ունեցան երգիչներ։

«Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Իշխան Սաղաթէլեան նշեց, որ յաջորդող օրերուն երթերուն թիւը պիտի բարձրանայ, որպէսզի կարելի ըլլայ ամբողջ քաղաքը հակակշիռի տակ առնել։ Ան դիտել տուաւ, որ հանրահաւաք պիտի կայանայ նաեւ Վանաձորի մէջ, ինչպէս նաեւ ինքնաշարժներով երթեր Երեւանի մէջ։ 

Աղբյուր՝ Հայաստանի Մէջ՝ Համաժամանակ Անհնազանդութեան Երթեր Զանազան Ուղղութիւններով – Asbarez – Armenian

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում