ԵՐԵՒԱՆ.- Երեւանի Ֆրանսայի հրապարակին վրայ կը շարունակուի Դիմադրութեան շարժման հանրահաւաքը, ինչպէս նաեւ Երեւանի եւ Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ` անհնազանդութեան շարժումները, փողոցներու փակումը, որոնց զուգահեռ կը կատարուին մեծաթիւ ձերբակալութիւններ։
«Հայաստան» խմբակցութեան անդամ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան 4 Մայիսի առաւօտեան յայտարարեց, որ` մեկնլով վարչապետ Փաշինեանի կատարած սխալներէն, Հայաստանի եւ Արցախի վերաբերեալ տուած խոստումները չյարգելու բացայայտ իրականութենէն, այդ բոլորին պատճառով ներկայիս տիրող ողբերգական վիճակէն` ցուցարարները կը յայտարարեն, որ ան օրինականութիւն չունի, պետութիւնը նոր զիջումներու տանելու իրաւունք չունի, ուստի պէտք է հրաժարի։ Ան դիտել տուաւ, որ այս հանրային պահանջը պիտի ներկայացուի նաեւ նոյն օր գումարուելիք Ազգային ժողովի նիստին, ուր ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ Նիկոլ Փաշինեան։
Այս յայտարարութենէն քիչ ետք, Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն` նշելով, որ հաւաստի տուեալներ ունին այն մասին, թէ Երեւանի մէջ տեղի ունեցող հաւաքի կազմակերպիչները մտադիր են Ազգային ժողովի հերթական նստաշրջանին ընթացքին դրդել հաւաքին մասնակցողները «զաւթել ԱԺ շէնքը եւ հարկադրել կատարելու որեւէ գործողութիւն` այդ կերպ ապակայունացնել երկրի ներքին անվտանգութիւնը, խաթարել հասարակական կարգն ու անվտանգութիւնը»:
«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան կեղծ հաղորդագրութիւն նկատեց ԱԱԾի յայտարարութիւնը` նշելով, որ այդպիսի յայտարարութիւններով իշխանութիւնը կը փորձէ ահաբեկել ցոյցին մասնակցողները։ Ան վստահեցուց, որ նման նպատակ գոյութիւն չունի։
Սաղաթէլեան եւս դիտել տուաւ, որ կազմակերպուած շարքերով պիտի ուղղուին խորհրդարան։ «Մենք որեւէ շէնք չենք գրաւելու, որեւէ սադանքի չենք գնալու», ըսաւ ան։
Երթը հասաւ Բաղրամեան պողոտայ եւ փակեց զայն:
Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան հետ հարցում-պատասխանի օրակարգին ընթացքին, «Հայաստան» խմբակցութեան պատագամաւոր Արմէն Ռուստամեան ներկայացուց Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի հանրային պահանջը, որուն մէջ կ՛ըսուի, որ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնը վարող Նիկոլ Փաշինեան, տապալելով Արցախեան հակամարտութեան բանակցային գործընթացին մէջ հայկական շահերը պաշտպանելու գործը, պատճառ եղած է պատերազմի ու պարտութեան, խոստովանած է, որ կարելի էր կանխել պատերազը եւ խուսափիլ հազարաւոր զոհերէ, բայց չէ կատարած այդ մէկը:
«Իր նախընտրական ծրագրով խոստացել է, որ վարելու է Արցախի վերջնական կարգավիճակի յստակեցման քաղաքականութիւն ինքնորոշման իրաւունքի լիարժէք իրացման միջոցով: Պնդել է, որ Արցախի ժողովուրդը չի կարող գոյատեւել Ադրբեջանի ենթակայութեան ներքոյ, առաջնահերթ է համարում Արցախի տարածքների դէօկուպացիան (ապագրաւումը), սակայն փաստացի իրականացնում է Ղարաբաղն Ադրբեջան է եւ վերջ քարոզն ու պաշտպանում Արցախի կարգավիճակի նշաձողի իջեցման` այն է Արցախն Ադրբեջանի մաս ճանաչելու թուրք-ադրբեջանական տեսակէտը:
«Խոստացել է տնտեսական թռիչքաձեւ աճ, բայց աճում են պետական պարտքը, աղքատութիւնը, գները եւ մահերը: Չի կատարել բազմաթիւ խոստումներ, որոնցից վերջինը ողբերգական աւարտ ունեցաւ: Նիկոլ Փաշինեանը լեգիտիմ (օրինաւոր) չէ, չունի մեր պետութիւնը նոր զիջումների տանելու մանդատ (յանձնարարութիւն) ու պէտք է հրաժարական տայ», կ՛ըսուի հրաժարականի պահանջին մէջ։
Փաշինեան ըսաւ, որ յայտարարութիւն մը պիտի կատարէ, շատ կարեւոր բացայայտում մը, սակայն Ռուստամեանի խօսքէն ետք ընդդիմութեան պատգաւորները պոյքոթի ենթարկեցին նիստը եւ դուրս եկան սրահէն. անոնց մեկնելէն ետք Փաշինեան խոստացուած բացայայտումը չկատարեց. «Պատշաճ չեմ համարում յետեւից հարցին պատասխանելը», ըսաւ ան:
Ազգային ժողովի նիստի աւարտէն ետք, ոստիկանութիւնը փակեց Դէմիրճեան փողոցը, ուրկէ Փաշինեան կրցաւ դուրս գալ: Սակայն հրմշտոցէ ետք փողոցը բացուեցաւ եւ ցուցարարները Դէմիրճեան փողոցով հասան կառավարական ամառանոցներուն մօտ։
Աւելի ուշ խորհրդարանի մօտէն ժողովուրդը երթով ուղղուեցաւ Ֆրանսայի հրապարակը։
Դիմադրութիւն շարժման անդամները իրենց քայլերթին ընթացքին կանգ առին արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին առջեւ, ուր ուզեցին տեղադրել Արցախի դրօշակը, սակայն ոստիկանները չարտօնեցին։ Երկար բանակցութիւններէ ետք, Սաղաթէլեան ներս տարաւ Արցախի դրօշը եւ զայն զետեղեց նախարարութեան շէնքին մէջ։
Ֆրանսայի հրապարակին վրայ հաւաքուած ցուցարարներուն ուղղելով իր խօսքը՝ Սաղաթէլեան ըսաւ, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով բողոքի ցոյցեր կատարող ընդդիմութիւնը չի պատրաստուիր հրաժարիլ Արցախի հարցով Փաշինեանի ստորագրած յայտարարութիւններէն եւ անոր կառավարութեան նախաձեռնած բանակցութիւններէն։ Յայտարարութիւնները թէեւ անընդունելի են իրենց համար, բայց արդէն կայացած փաստ են, իրենց հիմնական նպատակներէն է, որ այս անձնատուական ընթացքը չշարունակուի։
«Մենք պատերազմ չենք հրահրելու: Մենք Թուրքիայի եւ Ադրբեջանի հետ բանակցութիւնները չենք դադարեցնելու, ոչ էլ պատերազմ ենք յայտարարելու, բայց էդ բանակցութիւններին ոչ թէ գնալու ենք ասենք` «ձեզ ի՞նչ այ պէտք», այլ գնալու ենք իրականում պաշտպանենք մեր երկրի շահերը», ըսաւ ան։
Սաղաթէլեան շեշտեց, որ կարելի է չզիջիլ եւ խաղաղ զարգանալ` արդիւնաւէտ կառավարումով, բանակի սպառազինութեան համալրումով եւ բանակի վերականգնումով։