ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայ աշակերտներու պարբերական այցելութիւնները Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը եւ անոնց ուսուցիչներուն հետ քննարկումները վերջին տարիներուն ստիպած են Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի մասնագէտներուն եւ կրթութեան ոլորտի պատասխանատուներուն գալու այն եզրակացութեան, որ իսկապէս հարց կայ Հայոց Ցեղասպանութեան թեման դասաւանդելու առնչութեամբ:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ ասկէ մեկնած, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման մարտահրաւէրները 21րդ դարում» խորագիրով եռօրեայ գիտաժողովի հանդիսաւոր բացումը:
«Մենք հասկացանք, որ խնդիր կայ ուսուցիչների համար, խնդիր կայ մեզ համար, խնդիր կայ մեթոդաբանութեան տեսանկիւնից, եւ այս գիտաժողովը կոչուած է անդրադառնալու այդ հարցերին: Հայաստանեան իրականութեան մէջ սա թերեւս առաջին նման գիտաժողովն է», իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան:
Ան դիտել տուաւ, որ արտերկրէն ժամանած հեղինակաւոր գիտնականներու հետ քննարկումներու ճամբով, իրեն՝ կ՛ուզեն պատկերացում կազմել, թէ ինչպէ՛ս կը դասաւանդուի մարդկութեան դէմ ոճրագործութիւններուն՝ ցեղասպանութիւններուն վերաբերող այս խիստ բարդ թեման օտար երկիրներուն մէջ՝ հայկական եւ ոչ-հայկական միջավայրի մէջ՝ նկատի ունենալով այն փաստը, որ օտար մասնագէտները հիմնականօրէն կը ներկայացնեն այն ազգերը, որոնք եւս տարբեր ժամանակներու ենթարկուած են ցեղասպանութեան:
Այսպիսով, ըստ կազմակերպիչներուն՝ գլխաւոր խնդիրներէն է պարզել՝ ի՛նչ ընել խուսափելու երեխաներու հոգեբանութեան ու գիտակցութեան մէջ զոհի՝ «ցեղասպանուած»ի կարծրատիպի ձեւաւորումէն կամ անոր վտանգներէն:
Գիտաժողովը կազմակերպուած է Հայաստանի գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան եւ Հայաստանի Գիտկոմի օժանդակութեամբ:
Ողջունելով գիտաժողովին մասնակցողները՝ փոխնախարար Ժաննա Անդրէասեան շեշտեց, որ հանրակրթական հաստատութիւններուն մէջ Ցեղասպանութեան թեմայի դասաւանդման մարտահրաւէրներուն նուիրուած գիտաժողովը այսօր առաւել քան արդիական է: «Յուսանք, որ այս քննարկումը ուշացած չի լինելու, աւելին՝ լինելու է մի քննարկում, որը թոյլ կը տայ մեզ աւելի պարզ պատկերացնել առարկայի դասաւանդման լաւագոյն ռազմավարութիւնները մեր առջեւ այսօր կանգնած մարտահրաւէրի պայմաններում», նշեց փոխնախարարը:
Գիտաժողովին կը մասնակցին ցեղասպանութեան եւ յարակից ոլորտներու շուրջ երեսուն մասնագէտ՝ Հայաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսիայէն, Լիբանանէն, Իսրայէլէն, Ռուանտայէն, Սպանիայէն, Հարաւ Ափրիկեան հանրապետութենէն եւ Քամպոտիայէն:
orer.eu