Կիրակի 24 Ապրիլ 2022-ին, Սրբոց նահատակաց մերոց, որք կատարեցան յընթացս Հայոց ցեղասպանութեան վասն հաւատոյ եւ հայրենեաց 107-երորդ տարելիցի յիշատակին առթիւ, մատուցուեցաւ Սուրբ եւ անմահ պատարագ Ժնեւի Սուրբ Յակոբ մայր եկեղեցւոյ մէջ, ապա կատարուեցաւ Սրբոց Նահատակաց Բարեխօսութեան կարգ՝ նախագահութեամբ Զուիցերիոյ Առաջնորդական Տեղապահ՝ Հոգշ. Տ. Գուսան Վարդապետ Ալճանեանի։
Տեղապահ Հայր սուրբը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ հայ դատին եւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան ըսելով։ Հայ դատի խնդիրը միմիայն սփիւռքի խնդիրը չէ համայն հայութեան խնդիրն է՝ Հայաստանի հանրապետութեան եւ համայն հայութեան խնդիրն է։ Իւրաքանչիւր հայ ազգի զաւակ այս գիտակցութեամբ պիտի ուխտէ հետապնդել հայ դատը։ Արարողութեան աւարտին եկեղեցական թափօրը մեկնեցաւ Խաչքար յուշարձանին առջեւ որտեղ տեղի ունեցաւ աղօթք եւ խնկարկութիւն։
Պատարագին ներկայ էր Զուիցերիոյ մօտ ՀՀ-ի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Յարգարժան Անդրանիկ Յովհաննիսեան։ Մեծ թիւով Համայնքի հաւատացեալներ եւ ներկայացուցիչներ մասնակցեցան այս ոգեկոչման Ս. Պատարագին եւ հաղորդուեցան։
Դիւան Զուիցերիոյ Առաջնորդարանի. 24. 04. 2022