
Կիրակի, 24 Ապրիլ 2022-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակին առթիւ Դամասկոսի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր պատարագ մատուցուեցաւ:
Օրուայ պատարագիչն էր Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը: Սուրբ Պատարագին ներկայ էին Դամասկոսի քոյր եկեղեցիներու Առաջնորդներն ու Եպիսկոպոսները, Սուրիոյ մէջ Հ Հ Դեսպանութեան Հիւպատոս տիար Վարդան Ադամեանը եւ Խորհրդական տիար Ազատ Խաչատրեանը, ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան Փոխատենապետ Տոքթ. Վազգէն Համալեանը եւ Դամասկոսի Միութեանց վարչականներ ու ներկայացուցիչներ եւ Դամասկահայեր:
Յաւարտ Սբ. Պատարագի Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ շրջաբակին մէջ գտնուող Նահատակաց Յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Սբ. Նահատակաց Բարեխօսական միջեկեղեցական միասնական աղօքթ, մասնակցութեամբ Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտական փողերախումբին, որ կատարեց ազգային եւ հայրենասիրական երգեր:Բարեխօսական աղօքթէն ետք պահանջատիրական ոգով ներկաները Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտական փողերախումբին նուակագցութեամբ կատարեցին երթ դէպի Հ.Մ.Մ.-ի ամումբ:
Դիւան Ազգ. Առաջնորդարանի
Դամասկոս 24 Ապրիլ 2022




