Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզը 6 Մայիսին Հիւսիսային Ամերիկա Կը Հասնի

  • 22.04.2022
  • 0
  • 161 Views

Հայկական Սփիւռքի հարցախոյզը (ՀՍՀ) աշխարհի տարբեր երկիրներու հայկական համայնքներու հանրային կարծիքը ուսումնասիրող գիտահետազօտական աշխատանք մըն է:

Անոր նպատակն է՝ ներկայացնել այն հարցերը, դիրքորոշումները եւ յակումները, որոնք կը բնորոշեն 21րդ դարու հայկական աշխարհը: Հետազօտութեան ամբողջական արդիւնքները հասանելի են  հանրութեան եւ գիտաշխատողներու, ինչպէս նաեւ համայնքային ղեկավարներու եւ հանրային քաղաքականութիւն ճշդողներու:

Հայկական Սփիւռքի հարցախոյզը 6 Մայիսին բաց պիտի ըլլայ Հիւսիսային Ամերիկայի հայութեան համար։ Անոր կրնան մասնակցիլ Միացեալ Նահանգներէն եւ Գանատայի Օնթարիոյ նահանգէն (Մոնթրէալի մէջ հարցախոյզը արդէն իրականացած է) 18 տարիքը բոլորած հայեր։ Հարցախոյզը կաելի է ամբողջացնել առցանց կամ տպագիր։

2018էն ի վեր, հարցախոյզներ իրականացած են 10 երկիրներու հայկական առաւել քան 20 համայնքներու մէջ։

ՀՍՀը կը գործէ Լոնտոնի Հայկական հիմնարկին հովանաւորութեամբ եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նիւթական աջակցութեամբ: Անոր վարիչն է դոկտ․ Հրաչ Չիլինկիրեան, «Օքսֆըրտ» համալսարանէն։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքը։

Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզը 6 Մայիսին Հիւսիսային Ամերիկա Կը Հասնի – Asbarez – Armenian

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում