
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը` պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ 2022ին Մոսկուայի առաջնային հարցը՝ դիտել տուաւ, որ այսօր գերակայութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացի մեկնարկն է, ինչպէս նաեւ` տարածաշրջանի հաղորդակցութեան ու տնտեսական կապերու ապաշրջափակումը:
«Այս ուղղութիւններով յառաջընթացը կարելիութիւն պիտի տայ էական բարելաւում արձանագրել Երեւանի եւ Պաքուի յարաբերութիւններու կարգաւորման մէջ», նշեց նախարարութիւնը:
Ընդգծուեցաւ, որ ռուսական կողմը կը հիմնուի այն պայմանաւորուածութիւններուն վրայ, որոնք ձեռք բերուած են Հայաստանի, Ատրպէյճանի ու Ռուսիոյ առաջնորդներուն միջեւ` Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմէն ետք տեղի ունեցած երեք հանդիպումներուն ընթացքին: