ԱՐԵՒԵԼՔ- Հոկտեմբեր 21, 2021- «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառի տնօրինութեամբ, լիբանանահայ հանրայայտ մտաւորական Ահարոն Շխրըտմեան նշանակուած է Անթիլիասի մէջ գործող հայագիտական նիւթերու յատուկ դասընթացք-կեդրոնի տնօրէն։
Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Պէյրութէն։Նշենք, որ հակառակ երկրին մէջ տիրող տնտեսական-ապահովական ծանր պայմաններուն, Հայագիտական կեդրոնը իր դռները պիտի վերաբանայ ուրբաթ 22 հոկտեմբեր 2021-ին։Հիմնարկի դասընթացքներուն կը ներկայացուին հայագիտական հիմնական առարկաներ, Հայոց պատմութիւն, կրօնաբարոյագիտական, հասարակագիտական, ընկերային եւ այլ նիւթեր։Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին օրհնութեամբ Հայագիտական կեդրոնը հիմնուած է շուրջ տաս տարիներ առաջ: Անոր առաջին տնօրէնը եղած է լիբանանահայ բանաստեղծ, մտաւորական Սարգիս Կիրակոսեանը:Վերջին տարիներուն կեդրոնին տնօրէնի պարտականութիւնը կը վարէր մատենագէտ, կրթական մշակ, խմբագիր, հայագիտական նիւթերու հմուտ մտաւորական Ժիրայր Դանիէլեանը»։